ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հաւանաբար սխալ է բացասական շեշտով վերնագրել այս սիւնակը, ուր կ՛ուզենք միայն ու միայն շեշտել մեր շրջանի՝ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքին յանձնառութիւնը՝ զօրակից կանգնելու Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի ծրագիրներուն:
Անոնք, որոնք առիթը ունեցան հանդիպելու Բերիոյ Հայոց թեմի քաջարի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանին, կրնան վկայել, որ կեանքի կռիւ մղած սուրիահայութեան դիմադրութեան ու վերականգնումի վճռականութիւնն է որ կը ճառագայթէ անոր աչքերէն, հոգիէ՛ն:
Այդ վճռականութիւնը վարակող է ու կրնայ մեզ ներշնչել այն վստահութիւնը, թէ մե՛ր ալ ներդրումով, Սուրիոյ հայ համայնքը շուտով պիտի վերագտնէ իր կենսունակութիւնը, ու անկախ իր թիւէն, իր կորուստներէն՝ պիտի կարենայ վերստին ստանձնել համահայկական իր պարտաւորութիւնները:
Սրբազանին ու իր թեմի ազգային կառոյցներու պատասխանատուներուն բծախնդիր ու հետեւողական աշխատանքը, հոն հասած նիւթական օգնութիւնը ճի՛շդ հասցէներուն փոխանցելու, զայն արդիւնաւէտ ու նպատակասլաց օգտագործելու եւ որեւէ խտրութիւն չդնելու վարքագիծը արժանացած են բոլորիս գնահատանքին եւ, այո՛, հիացումի՛ն: Այսպիսի ղեկավարութեամբ վերականգնող համայնքը ամէն հնարաւորութիւն պիտի ունենայ անսովոր թափով ոտքի կանգնելու եւ սկզբնական օգնութենէ ետք՝ սեփական ուժի լարումով իր բոլոր խնդիրները լուծելու:
Նոր Տարի է մեր առջեւ: Ամանորեան նուէրներու մեր ցանկին վրայ նախապատիւ տեղ տանք Սուրիոյ հայ համայնքին աջակցելու առաջադրանքով՝ համայնքային կարեւոր միութիւններու համագործակցութեամբ ստեղծուած Սուրիահայութեան Օգնութեան Հիմնադրամին՝ ՍԱՐՖին: Եկէք ամէն ճիգ թափենք՝ մեզմէ ակնկալուածէն իսկ աւելին իրականացնելու եւ սիրելի սրբազանը ուրախ ճամբելու իր հօտին: