ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իսրայէլի քաղաքական կեանքին մէջ աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալող ընդդիմադիր «Եշ Աթիտ» կուսակցութիւնը կը նախատեսէ Քնեսեթ (Իսրայէլի խորհրդարան) ներկայացնել օրինագիծ մը, որ կ՛ենթադրէ Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչում: Կուսակցութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ պնդած է, որ Իսրայէլ վաղուց պէտք է ճանչցած ըլլար այդ պատմական փաստը:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրինագիծին մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ ան ըսած է. «Օրինագիծը արդէն գրուած է. այժմ մենք Քնեսեթի մէջ նախագիծին աջակցելու նպատակով ստորագրութիւններ կը հաւաքենք: Կը փափաքինք, որ օրինագիծը Քնեսեթի մէջ ապահովէ կարելի եղածին չափ մեծ թիւով աջակցութիւն: Վստահ ենք, որ շատ շուտով այս հարցով յառաջխաղացք պիտի արձանագրուի»:
«Ինչո՞ւ Ողջակիզում տեսած Իսրայէլը կը խուսափի Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումէն» հարցումին պատասխանելով՝ ան աւելցուցած է. «Իսրայէլացի շատ ղեկավարներ անհատապէս յայտարարած են, որ կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ պատմական փա՛ստ է։ Վերջերս Քնեսեթի Կրթութեան հարցերով յանձնախումբը եւս յայտարարեց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին: Իսրայէլի նախկին կառավարութիւնները սխալ ռազմավարական հաշուարկներու պատճառով խուսափած են Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումէն: Մենք պէտք է շատոնց ճանչնայինք Հայոց Ցեղասպանութիւնը, քանի որ անկախ ամէն ինչէ՝ անիկա բարոյապէս ճիշդ քայլ է: Նախագահ Էրտողանի թշնամական կեցուածքէն ետք այլեւս կարելի չէ ներել ոեւէ մէկը, որ կը խուսափի ճիշդ քայլ ընելէ»:
Պատասխանելով Իսրայէլի վրայ Էրտողանի նորագոյն յարձակումներուն մասին հարցումի մը՝ ան ըսած է. «Նախագահ Էրտողան որոշած է օգտագործել Իսրայէլը՝ իսլամական աշխարհին աջակցութիւնը ստանալու համար: Ան հակաիսրայէլեան տրամադրութիւն կը փորձէ ստեղծել եւ այժմ ներգրաւուած է տարածաշրջանին մէջ նոր խնդիրներու հրահրման գործին մէջ: Ան աշխոյժ դերակատարութիւն ունեցած է Սուրիոյ հարցով Իրանի դիրքորոշմը ամրապնդելու մէջ, ինչ որ ուղղակի սպառնալիք է մեր ապահովութեան: Իսրայէլ պէտք է լրջօրէն հակադրուի նախագահ Էրտողանին եւ յս-տակօրէն հասկցնէ, թէ մենք չե՛նք վախնար անոր հռետորաբանութենէն եւ սպառնալիքներէն: Մենք պիտի ընենք այն, ինչ ճիշդ է մեզի համար, եւ անիկա կը նախատեսէ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստի ճանաչումը, անկախութեան համար քրտական արդարացի պայքարին մեր աջակցութեան աւելացումը եւ դէպի Թուրքիա հասնող կազատարի սխա՛լ գաղափարին կասեցումը»:
ISRAEL, BETTER LATE THAN NEVER IT’S A HISTORICAL FACT. FOR GOOD OR FOR BAD ISRAEL IS DUTY BOUND TO CAST HER VOTE AGAIN FOR GOOD OR FOR BAD. ISRAEL YOU ARE LATE, BUT DON’T BE THE LAST. YOU ARE DUTY BOUND TO CAST YOUR OPINION AS A FREE AND DEMOCRATIC NATION.
ԻՆՉՊԷՍ ԱՍԱՑԻ ԵՒ ԿՐԿՆՈՒՄ ԵՄ ԱՎԵԼԻ ԼԱՎ ՈՒՇ ՔԱՆ ԵՐԲԷՔ
Ահա Իսրայէլացի քաղաքական ղեկավար մը որ թէեւ ճիշդ կը խօսի սակայն միւս կողմէն հայկական ցեղասպանութեան հարցը կ’օգտագործէ Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու համար: