ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հովանիին տակ գործող Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրը, նմանապէս մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ կայացող Լէօ Սարգիսեանի անուան ամառնային վարժողական ծրագիրը, Սաքրամենթոյի մէջ իրականացուող Ուոլթըր Քարապեանի անուան կրթանպաստը եւ շրջանային այլ վարժողական ծրագիրներ հայ ուսանողներուն ներկայացնելու համար, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նախաձեռնած էր 30 համալսարաններու շրջապտոյտի մը։
Շրջապտոյտը սկսած էր 2017-2018 համալսարանական տարեշրջանի առաջին շաբաթներուն, Պըրպենքի «Ուուտպըրի» համալսարանէն, որմէ ետք ծրագիրի վարիչ Թերեզա Երիմեան այցելած էր Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ռիվըրսայտի եւ Սան Տիէկոյի մասնաճիւղերը, ինչպէս նաեւ՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանը:
Երիմեան, համագործակցութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեանց վարիչ Տիգրան Խոտանեանի, Նոյեմբերի երկրորդ կիսուն այցելած է նաեւ Հիւսիսային եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ գտնուող շարք մը այլ համալսարաններ։
Խոտանեան, որ մասնակցած է թէ՛ «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» եւ թէ Լէօ Սարգիսեանի անուան ծրագիրներուն, իր անձնական փորձառութիւններէն տեղեկութիւններ փոխանցած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի եւ Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղերու ուսանողներուն։
Իր կարգին, Երիմեան, իբրեւ Լէօ Սարգիսեանի անուան ծրագիրի մասնակից, իր փորձառութիւնը բաժնած է եւ «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրին արձանագրած յաջողութիւններուն մասին՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Սանթա Պարպարայի եւ Պըրքլիի մասնաճիւղերուն, ինչպէս նաեւ Լա Վըրնի համալսարանի ուսանողներուն համար պատրաստած իր ներկայացումներուն ընթացքին։
Իրենց կարգին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի օրէնսդրական հարցերու խորհրդական Հայկ Պաղտասարեան ու Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Մեթ Սենեքերիմեան ներկայացումներ կատարած են Քալիֆորնիոյ համալսարանի Տէյվիսի եւ Սանթա Քրուզի մասնաճիւղերու հայ ուսանողներուն համար։
Արեւելեան Ամերիկայի մէջ, Թերեզա Երիմեան մասնակցած է ՀՕՄի հետ համագործակցութեամբ՝ Մեսեչուսեցի Արհեստագիտութեան հիմնարկին մէջ կազմակերպուած հաւաքի մը, որուն ընթացքին շրջանի հայ երիտասարդներուն տեղեկութիւններ փոխանցած է վարժողական շարք մը ծրագիրներու մասին, ապա նման ներկայացումներ իրականացուցած է նաեւ «Հարվըրտ» եւ «Փրինսթըն» համալսարաններուն մէջ։
Նշենք, որ Ամերիկայի Հայ Դատի «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» վարժողական ծրագիրը հաստատուած է 2003ին, եւ այդ թուականէն ի վեր, համալսարանական նոր շրջանաւարտներ ձրիաբար ապրած են անոր կեդրոնատեղիին մէջ, երբ քոնկրեսական զանազան գրասենեակներու կամ այլ հաստատութեանց մէջ կ՛ամբողջացնէին իրենց եռամսեայ վարժողական ծրագիրները: Ծրագիրը ցարդ օժանդակած է աւելի քան 200 հայ ուսանողներու։ Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել anca.org/gateway կայքէջը կամ դիմել Gateway@anca.org հասցէին։ Ձմեռնային վարժողական ծրագիրը պիտի սկսի Յունուար 8ին։
Ֆրեզնոյէն ուսանող Յովիկ Սաղտճեանի կեանքը 23 տարեկանին ընդհատուած էր անողոք ինքնաշարժի արկածի մը իբրեւ հետեւանք, որ պատահեցաւ Յուլիս 2004ին: Ան գործօն անդամ էր ՀՄԸՄի ու ՀԵԴի, իսկ կամաւոր աշխատանքներ կատարած էր «Հող եւ Մշակոյ»չ կազմակերպութեան ու Հայ Դատի յանձնախումբին համար՝ շարք մը այլ նախաձեռնութեանց կողքին։
Ուոլթըր Քարապեանի անուան կրթանպաստով, Սաքրամենթոյի մէջ իրականացուող ծրագիրը իննամսեայ փորձառութիւն մըն է, որ նպատակ ունի զարգացնել մասնակիցներուն ձիրքերը։ Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել http://www.ancawr.org/fellowship կայքէջը։
Լէօ Սարգիսեանի անուան վարժողական այս ծրագիրը հիմնուած է 1986ին եւ կը կրէ աւելի քան չորս տասնամեակներ Հայ Դատի տարածման աշխատանք տարած՝ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հանգուցեալ ղեկավարներէն մէկուն անունը։ Այս տարի ծրագիրը պիտի կայանայ Յունիս 18էն Օգոստոս 10ի միջեւ։ Դիմումները պէտք է կատարուին մինչեւ Մարտ 1։ Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել anca.org/internship կայքէջը։