ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Ազատագրուած Քաշաթաղի գիւղերէն մէկուն՝ Իշխանաձորի մէջ, ամիսներ տեւած վերանորոգման աշխատանքներէ ետք, 25 Դեկտեմբերին վերաբացուեցաւ տեղւոյն բուժարանը: Բացման արարողութեան մասնակցեցան Քաշաթաղի վարչակազմի ղեկավար Դաւիթ Դաւթեան, «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան, ինչպէս նաեւ Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան, Բերձորի հիւանդանոցի եւ Իշխանաձորի համայնքի ներկայացուցիչները:
«Թուֆէնքեան» հիմնադրամի կողմէ 2004-2006 թուականներուն կառուցուած բուժարանը Քաշաթաղի հարաւը գտնուող 16 հեռաւոր գիւղերուն բժշկական ծառայութիւններ տրամադրող միակ կառոյցն է: Աւելի քան մէկ տասնամեակ գործելէ ետք, բուժարանը հրատապ վերանորոգման եւ բարեկարգման կարիք ունէր իր ծառայութիւնները շարունակելու համար:
Գիտակցելով այս կառոյցի կարեւորութեան՝ Իշխանաձորի եւ ամբողջ հարաւային Քաշաթաղի համար, «Թուֆէնքեան» հիմնադրամը այս տարուան Սեպտեմբերին յանձն առաւ բուժարանի վերանորոգումը: Ինչպէս հիմնադրամին կողմէ Արցախի մէջ կատարուող բոլոր շինարարական աշխատանքները, շինութեան վերանորոգումը վստահուեցաւ տեղացի աշխատողներուն:
Կառոյցը վերանորոգուեցաւ ամբողջութեամբ, ներառեալ պատերու, յատակի եւ առաստաղի բարեկարգումը, նոր պատուհաններու եւ դռներու տեղադրումը եւ արտաքին յարդարումը, այսպիսով ապահովելով այս առողջապահական կառոյցի պահպանումը գալիք տասնամեակներու համար:
Դիմելով բացման արարողութեան մասնակիցներուն, «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի գործադիր-տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան ըսաւ. «Քաշաթաղի վերաբնակեցումը եւ զարգացումը կարեւոր են ոչ միայն այստեղ ապրող մեր հայրենակիցներուն, այլ նաեւ ամբողջ Արցախի եւ Հայաստանի համար: Մենք պէտք է շարունակենք աշխատել միասին այս ազատագրուած տարածքներուն նոր կեանք հաղորդելու եւ այստեղ ապրելու նոր հնարաւորութիւններ ստեղծելու համար»:
Բուժարանի բժշկական անձնակազմը այժմ բաղկացած է 6 մասնագէտներէ, որոնք առողջապահական ծառայութիւններ կը տրամադրեն տարեկան աւելի քան 500 հիւանդներու:
Բուժարանին կողմէ տրամադրուող խնամքը Քաշաթաղի համար առաջնային կարեւորութիւն ունի: Ազատագրուած այս շրջանի բնակիչներուն համար բժշկական խնամքը դժուարամատչելի է վատ ճանապարհներու եւ փոխադրամիջոցներու սակաւութեան պատճառով: Մինչեւ վերջերս, գիւղերուն մէջ գործող առողջապահական կառոյցներ գրեթէ գոյութիւն չունէին, եւ յաճախակիօրէն հանդիպող այնպիսի դէպքերը, ինչպիսիք են օձի խայթոցները, յանկարծակի հիւանդութիւնները եւ նոյնիսկ ծննդաբերութիւնները, կրնային մահուան տանիլ:
Իշխանաձորի բուժարանի կառուցումը, սարքաւորումներով զինումը եւ յետագայ վերանորոգումը «Թուֆէնքեան» հիմնադրամին կողմէ՝ Քաշաթաղի մէջ առողջապահութեան բարելաւման ուղղուած ծրագիրներէն մէկն է: 2005էն ի վեր հիմնադրամը կառուցած, կահաւորած եւ սարքաւորումներով զինած է հեռաւոր համայնքները, որոնց մէջ Մշենի եւ Աղաւնատուն գիւղերուն մէջ գտնուող քանի մը փոքր բուժարաններ: Բացի այդ, 2008-2010 թուականներուն հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ Քաշաթաղի մէջ գործած է շարժական բուժարան մը, որ երկու տարիներու ընթացքում բժշկական խնամք տրամադրած է շուրջ 2000 հոգիի, որոնց մէջ 597 երեխաներու:
Արցախի ազատագրուած սահմանամերձ գիւղերուն մէջ առողջապահական իրավիճակի յետագայ զարգացման նպատակով «Թուֆէնքեան» հիմնադրամը 2018ին կը նախատեսէ բուժարան մը կառուցել հիւսիսային Քաշաթաղի Մոշաթաղ գիւղին մէջ, ուր բժշկական որեւէ ծառայութիւն ներկայիս հասանելի չէ:
Նշենք, որ «Թուֆէնքեան» հիմնադրամը հիմնադրուած 1999ին, գործարար Ճէյմզ Թուֆէնքեանի կողմէ՝ նպատակ ունենալով հզօրացնել տեղւոյն քաղաքացիներու նախաձեռնութիւնները, աջակցիլ հասարակութեան առաւել խոցելի խմբերուն, նպաստել շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան եւ խթանել ընկերային արդարութիւնը Հայաստանի մէջ: 2003էն ի վեր հիմնադրամը ընդլայնած է իր գործունէութեան դաշտը դէպի Արցախ, ուր ան կը խթանէ վերաբնակեցման եւ զարգացման ծրագիրներու իրականացումը շրջանի ամենախոցելի սահմանային գօտիներուն մէջ:
www.tufenkianfoundation.org
Facebook.com/TufenkianFoundation