ՌԱԶՄԻԿ ՀԱՐՈՒՆ
Երեք հազար տարուան վրայ երկարող ժողովուրդի մը պատմութեան մէջ բազմաթիւ պիտի ըլլան վերիվայրումներու, յեղաշրջումներու, կորուստներու եւ յաղթանակներու օրինակները: Իւրաքանչիւր դէպք մէկ մասնիկն է ազգապատկան բովանդակութեան մը, որ պիտի շարունակէ տարածուիլ դարեր ի վեր: 2018ին պիտի դիմաւորենք Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեակը:
Շատ կարեւոր է վերյիշել այն պայմանները, որոնց տակ հայ ժողովուրդը ազգակերտման իր առաքելութեան կարեւորագոյն ոստումը կատարեց՝ հիմնադրելով Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Համաշխարհային Ա. Պատերազմը արձանագրեց մարդկային յարաբերութեանց ստորնացումի ափսոսալի վայրէջք, որուն գլխաւոր տուժողը եղաւ Հայ ժողովուրդը: Պատերազմի խառնակութիւնը շահագործելով, Օսմանեան կայսրութիւնը տմարդութեան ծայրը հասաւ եւ իր իսկ ձեռքով համամարդկային քաղաքակրթութեան ահաւոր նահանջ պարտադրեց, երբ անիկա ձեռնարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան:
Այս կործանարարութեան դիմաց պէտք է կշռել հիմնադրութիւնը հանրապետութեան եւ ոչ թէ կարողութեան, պատրաստակամութեան կամ յարմարութեան դիմաց: Իսկ արժեւորումը պէտք է կատարուի ազգային ազատագրական պայքարի պարունակին մէջ եւ ոչ թէ ըստ միջազգային քաղաքականութեան: Ազատագրական պայքարի նպատակը ինքնիշխանութիւնն է՝ սեփական հողի վրայ քաղաքականօրէն անկախ կեանքի ձեւաւորումը: Հայ ժողովուրդը հասաւ այդ մէկուն ի հեճուկս աներեւակայելի դժուարութեանց: Այս սկզբունքով պէտք է մօտենալ հայ ժողովուրդի ազգակերտման երկար ճանապարհին այդ վերջին զարգացումին եւ այս մեկնակէտէն պէտք է գայ հանրապետութեան առաքելութեան մասին որեւէ քննարկում:
Հանրապետութիւնը հայ ժողովուրդի քաղաքական կամքը ներկայացնող հաստատութիւն ըլլալէ բացի, բնականաբար նաեւ անվտանգութիւն ապահովող եւ տնտեսական աճ սատարող հաստատութիւն է: Այս գլխաւոր պարտականութիւններուն կողքին, հանրապետութենէն կը սպասուի ունենալ ազգային հարստութեանց նկատմամբ բծախնդիր վերաբերմունք եւ անոնց անվնաս կտակումի պարտաճանաչութիւնը: Ազգային հարստութիւնը պէտք չէ հասկնալ նեղ տնտեսական նշանակութեամբ, որովհետեւ անպայմանօրէն կալուած կամ գոյք չէ, կրնայ մշակոյթ կամ պատմութիւն ըլլալ, կրնայ նոյնիսկ իրաւունք կամ պարտականութիւն ըլլալ: Ազգային հարստութիւնը այն բանն է, որմէ սեփականազրկումը ապաքաղաքականացման կը տանի ժողովուրդին:
Ապաքաղաքականացումը ընտրութեան չմասնակցիլը չէ կամ կուսակցութիւններէն հեռու մնալը չէ: Անիկա ազգին ապագան ապահովելու աշխատանքէն հրաժարիլն է: Հետեւաբար հանրապետութեան վերաբերմունքը ազգային հարստութեանց նկատմամբ ուղղակի ազդեցութիւն ունի երկրին ապագային վրայ: Օրակարգի վրայ պէտք է առաջնահերթ տեղ զբաղեցնէ այս մարտահրաւէրը: Օրինակ՝ մշակոյթը եւ լեզուն կ՛ընդգրկուին «ազգային հարստութիւն» հասկացողութեան ոլորտին մէջ, որովհետեւ անոնք գոյատեւման երաշխիքներ են՝ ապագան իւրայատուկ սովորութիւններով եւ իւրայատուկ ընկալումով դիմաւորելու միջոցներ:
Նոյն այդ հասկացողութեան հետ նուազ վերացական առնչութիւն ունի Ա. Հանրապետութենէն մեզի հասած կարգ մը ժառանգութիւններ: Խորհրդարանական դրութիւնը՝ որուն ծնունդը Ա. Հանրապետութեան ատեն էր եւ որ վերջերս վերընդունուեցաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի ճամբով, կառավարութիւնը աւելի զօրաւոր հիմերու վրայ կը դնէ քաղաքական ուժը ժողովրդայնացնելով:
Սակայն հարկ է նշել, որ տակաւին կան բաներ, որոնք նոյն ակնածանքին չեն արժանացած եւ կը մնան ցարդ չկիրարկուած: Խօսքը Ցեղասպանութեան հատուցման համար պետութեան կողմէ լուրջ հետապնդումի պակասը չէ կամ աշխարհասփիւռ հայերը Հայաստանի շուրջ խմբաւորելու ծրագիրի չգոյութիւնը չէ: Խօսքը տնտեսական բարեփոխումներու միջոցաւ միջին դասակարգ մէջտեղ բերելու մասին է:
Պարզ է որ Հայաստանի տնտեսական միջոցները սահմանափակ են եւ ամավարկէն յատկացուցած գումարներու որեւէ վերադասաւորում տեղէ մը զիջում կը ստիպէ: Բայց դժուար է մարսել այն երեւոյթը որ 2018ին առաջարկուած ամավարկին մէջ նուազագոյն աշխատավարձը չ՛աւելնար կամ առողջապահութեան եւ կրթութեան ուղղութեամբ ծախսերը կը նուազին, երբ արտաքին պարտքը կ՛աճի եւ առողջ սղաճ գոյութիւն ունի:
Տնտեսական բանավէճերու ընթացքին սովորութիւն դարձած է ամէն ինչ իր «միջին»ներով չափել: Արդարութեան երեւոյթ կու տայ եւ տնտեսագիտութեան մէջ ընդհանրապէս ընդունուած ձեւ է միջին հաշիւներու հիման վրայ արժեւորումներ տալ: Բայց երբ ծայրայեղութեան գացող դասակարգերու բաժանումը նօսրացած միջին դասակարգ մը յաւելեալ մաշումի կ՛ենթարկէ այդ «միջին հաշիւ»ները ժողովուրդին ճիշդ ո՞ր մասին կ՛ակնարկեն: Երբ մեծամասնութիւնը բաժնուած է երկու ծայրայեղութիւններու միջեւ «միջին հաշիւ»ը խաբուսիկ երեւոյթ կու տայ, որովհետեւ գոյացած է իրականութեան մէջ միջինէն շատ հեռու տուեալներէ: Դժբախտաբար ժողովուրդի մեծամասնութեան համար միջին հաշիւները իր դիտանկիւնէն կը մնան անհասանելի:
2018ին պիտի տեսնենք Հայաստանի վարչակարգի փոփոխութիւն դէպի խորհրդարանական դրութիւն: Քաղաքականօրէն գնահատելի այս գործընթացին կարեւոր է նոյն համարձակութեամբ հետեւիլ տնտեսական բարեփոխումներով: Այս օրերուն Հայաստանի ամէնէն արժէքաւոր ազգային հարստութիւնը իր ժողովուրդի տնտեսական եւ ընկերային ապահովութիւնն է: