ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Ամէն անգամ, երբ տօնածառ կը տեսնեմ, անմիջապէս միտքով կը վերադառնամ մանկութեան ու պատանեկութեան օրերուս, երբ տօնածառը ուրիշ համ ու հոտ ունէր: Այն օրերուն արհեստական տօնածառեր չկային, ամէն ինչ բնական էր, ծառերն ալ բնական էին, մարդի՛կ ալ: Չկային արհեստական մազեր, թարթիչներ, յօնքեր, շրթունքներ եւ ուրիշ բաներ… ինչպէս է այս օրերուն, երբ գեղագէտ վիրաբոյժի ու տարատեսակ շպարի միջամտութեամբ՝ կանացի սովորական դէմք մը ցուցափեղկի «մանըքեն»ի կը նմանցնեն։
Այսօրուան ծառերն ալ, որքա՛ն զարդարես ու ծանրաբեռնես խաղալիքներով ու լոյսերով, միեւնոյնն է, բնականին չեն կրնար նմանիլ: Իսկական եղեւնիին հոտը դեռ մինչեւ հիմա քիթիս մէջ է, ու կը յիշեմ… Նոր Տարիէն օրեր առաջ, որոշ մարդիկ եղեւնի մեծ ծառէ մը ճիւղեր կը բերէին. անոնք լման ծառի մը տեսքը չունէին, բայց գործ կը տեսնէին, մասնաւորաբար՝ աղքատ թաղամասերու ընտանիքներուն համար, որոնք հարուստներու նման լման ծառ մը գնելու կարողութիւն չունէին:
Տօնածառը տեղադրելու եւ զարդարելու գործընթացը ամենասիրելի զբաղմունքն էր ընտանիքի բոլոր անդամներուն:
Հալէպի Նոր Գիւղին մէջ աղքատութիւնը համընդհանուր էր, բացի քանի մը առանձնայատուկ ընտանիքներէ: Խանութները կը շողային լոյսերով, փայլփլուն զարդարանքներով, Յիսուսի մսուրի արձանիկներով. կարողութիւն ունեցողը կը գնէր, չունեցողն ալ ծառին վրայ ծուէն-ծուէն բամպակ կը շարէր, կամ՝ խառկուած ու պայթած եգիպտացորենի հատիկներ կը փակցնէր՝ ձիւնի պատրանքը տալու համար: Փայլուն գունաւոր թուղթերով օղակներ կը պատրաստէին ու շղթաներ կազմելով՝ կը զարդարէին ծառը: Այդ աղքատիկ, համեստ ծառերը աւելի՛ տօնական մթնոլորտ կը ստեղծէին, քան՝ այսօրուանները, որոնցմէ շատեր ծառի կը նմանին, բայց ծառ չե՛ն, կանաչ պէտք է ըլլան, բայց երբեմն արծաթագոյն ու ոսկեգոյն են, ճերմակ կամ կարմիր, իսկ անոնց վրայ խանութ մը լեցնելու չափ խաղալիք՝ չափազանցուած դիմայարդարումով ու բազմատեսակ զարդերով պճնուած կիներ յիշեցնող:
Այսօր ամէն ինչ փոխուած է, յղբացա՛ծ ենք: Մէկը ըսած է. «Առաջ մեր թշնամին աղքատութիւնն էր, այսօր՝ հարստութիւնն է…», ճի՛շդ է, սակայն՝ ոչ բոլորին համար:
Երեւանի հրապարակին վրայ բարձրացաւ աւանդական 32 մեթրնոց ծառը, աւելի ճիշդ՝ ծառերու կոյտը, քանի որ մէկ ծառ չէ, այլ հարիւրաւոր ճիւղերու հաւաքածոյ մը՝ երկաթեայ մարմինի վրայ: Հոգ չէ՛, կարեւորը այն է, որ ծառի պատրանքը կու տայ: Տօնածառեր բարձրացած են նաեւ Երեւանի շատ ուրիշ վայրերու մէջ: Փողոցներու մէջ լոյսի հեղեղ է, քաղաքապետարանը բան չի խնայեր՝ մայրաքաղաքին գրաւիչ տեսք տալու համար:
Իսկ Հալէպի մէջ բարձրացած տօնածառը՝ լրիւ ուրի՛շ բան է…
Եթէ տօնածառ մը հին տարուան երթն ու նորին գալուստը կ՛աւետէ, ապա Հալէպինը պատերազմի սեւ օրերու էջերու փակումը կ՛աւետէ, յոյսերով եւ հաւատքով բեռնաւորուած նոր ու պայծառ օրերու գալուստը կ՛աւետէ: Հալէպի կեդրոնական տօնածառն ու բոլոր տօնածառերը յաղթանակի շեփորներ են ու խաղաղութեան վերահաստատումի Պեթհովէնեան իններորդ համանուագ:
Ես Զահրատի նման չեմ թելադրեր, որ տօնածառի ճիւղերէն պատրանք ու ձանձրոյթ կախեն մարդիկ, այլ կ՛առաջարկեմ, որ ճիւղերէն հայելիներ կախեն ու ամէն օր անոնց մէջ նայելով՝ իրենք զիրենք տեսնեն ու իրենց անձին հետ հաշուեյարդարի նստին, թէ՝ ի՞նչ ըրին անցնող տարուան ընթացքին: Ինքնաքննութիւնը ինքնամաքրումի լաւագոյն ձեւն է, իսկ մենք որքա՜ն կարօտը ունինք ինքնամաքրումի…
Բարի ու խաղաղ Ամանոր:
Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութեան, Գործադիր
Յանձնախումբի եւ յարակից յանձնախումբերու
եւ ենթայանձնախումբերու վարչութիւնները
կը մաղթեն միութեան բոլոր անդամներուն, համակիրներուն եւ համայն հայութեան,
առողջ, բարգաւաճ ու խաղաղ
Նոր Տարի եւ ուրախ Ս. Ծնունդ
The Board of Trustees,
the Executive Committee
and all the Committees
and subcommittees
of the Organization
of Istanbul Armenians, wish to all
members, friends, and fellow
Armenians, a healthy, prosperous
and peaceful New Year
and a joyous Christmas
Հայ Քոյրերու Վարժարանի Մեծ Ընտանիքը
Խաղաղութեան մաղքանքներով
Կը շնորհաւորէ համայն հայութեան
Սուրբ Ծնունդն ու Նոր Տարին
Վասպուրականի Հայրենակցական Միութիւն
Կը Մաղթենք, Որ Քալիֆորնիահայութիւնը
Նոր Տարին Դիմաւորէ Միասնականութեամբ, Համախոհութեամբ Եւ Հանդուրժողութեամբ