ԵՂԻՎԱՐԴ (ԵՂԻՇԷ Վ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ)
Օրերն անդարձ, երդմնադրուժ
ճամբորդներ են,
Որոնք, նման տերվիշներու,
բոկոտն անձայն,
Ժամանակի անծայր ճամբէն
կ՛անցնին-կ՛երթան:
Ձեռքերուն մէջ իրենց ունին
թագ ու աստղեր
Եւ շրթներուն՝ իմաստութիւն,
վիշտ ու ծիծաղ.
Մեծ իղձերու անոնք աներգ
մեռելաթաղ:
Ոչինչ մնաց, անցեալի դուռն է յաւէտ փակ,
Եւ մանկութիւնս՝ հեռու պարտէզ կախարդական:
Մեկնող օրեր զիս խաբեցին ու ետ չեկան:
Բայց կը սպասեմ ես տակաւին իրենց կանչին՝
Ստանալու խոստումն անուշ, որ կ՛ուշանայ,
Մինչ երկինքը կ՛ըլլայ օրուան դագաղն անհուն: