Նաւասարդը հայկական տոմարի առաջին ամիսն է, որ կը համապատասխանէ Յուլեան տոմարի Յունուարին: Նաւասարդ բառը կազմուած է նաւա (նոր) եւ սարդ (տարի) բառերէն եւ կը նշանակէ Նոր Տարի, Ամանոր: Հայոց տոմարին մէջ Նաւասարդը կ՛երկարի 11 Օգոստոսէն 9 Սեպտեմբեր: Այս անունի ծագումին մասին խօսելով՝ Անանիա Շիրակացին, Յովհաննէս Իմաստասէրը եւ այլ գիտնականներ կը գրեն, թէ Նաւասարդը Հայկ Նահապետի դուստրերէն մէկուն անունն էր, որով Հայկ ուզած է կոչել տարուան առաջին ամիսը:
Նաւասարդեան տօները ուրախութեան եւ ցնծութեան խորհրդանիշ էին: Անոնք կը յատկանշուէին երգերով, պարերով, թատերական ներկայացումներով, մարզական խաղերով եւ մրցումներով: Այս տօնը կը յիշեցնէ յոյներու Զեւս աստուծոյ նուիրուած տօնակատարութիւններն ու խաղերը:
Այս տօնին մասին զանազան պատումներ գոյութիւն ունին: Կ՛ըսուի, որ Հայկ Նահապետ Բէլը տապալած է այս ամսուան ընթացքին եւ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը այդպիսով սկսած է: Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումէն ետք, Նաւասարդեան տօները, իբրեւ հեթանոսական, դուրս դրուեցան օրացոյցէն. սակայն կարգ մը շրջաններու մէջ անիկա շարունակուեցաւ նշուիլ 10 Նոյեմբերին:
Տօնը ինքնին կը նշուէր Նոյեմբերին, որովհետեւ այն ատեն կ՛աւարտէին երկրագործական աշխատանքները, եւ հայերը բերքահաւաք կը կատարէին: Այս պատճառով է, որ երբ նկարագրուի Նաւասարդի տօնը, կը նշուի, որ հայերուն տուները լի կ՛ըլլային բերքով, ուտելիքներով եւ հողին տուած բարիքներով:
– Յունուար ամիսը միշտ կը սկսի շաբթուան այն օրով, որով կը սկսի Հոկտեմբեր ամիսը:
– Յուլիս ամիսը միշտ կը սկսի շաբթուան այն օրով, որով կը սկսի Ապրիլը:
– Դեկտեմբեր ամիսը միշտ կը սկսի շաբթուան այն օրով, որով կը սկսի Սեպտեմբերը:
– Փետրուար, Մարտ եւ Նոյեմբեր ամիսները կը սկսին շաբթուան նոյն օրով:
– Տարուան 12 ամիսներէն Մայիսը, Յունիսն ու Օգոստոսը միայն կը սկսին տարբեր օրերով:
– Տարին միշտ կը վերջանայ շաբթուան այն օրով, որով կը սկսի. այս մէկը նահանջ տարիներուն համար չէ:
– Ոչ մէկ դար կը սկսի Չորեքշաբթի, Ուրբաթ կամ Կիրակի օրերով:
– Այն ամիսներուն, ուր «ր» տառը կայ, կը թելադրուի ոտքերն ու մարմինը տաք պահել: Իսկ այն ամիսներուն, ուր «ր» գիրը չկայ, ուզածիդ պէս վարուէ: