ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ
Վեց տարի առաջ, պատմական դէպքերու հարկադրանքին տակ, հայ ժողովուրդը «արցունքով» եւ «ակամայ» յայտարարեց իր անկախութիւնը, ինչպէս տեղական թերթերէն մէկը գրած էր հեգնանքով: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ղեկավարութեամբ հայութիւնը ոչ միայն մերժած էր բաժնուիլ Անդրկովկասեան դաշնակցութենէն, այլ դէմ էր նաեւ Կովկասի ներքին անջատման: Ան դէմ էր այդ անջատման, որովհետեւ, գիտեր իր գլխուն գալիքը. գիտեր որ բաժնուելով Անդրկովկասեան դաշնակցութենէն, ինքը պիտի մնար առանձին, գրեթէ մէն մինակ: Վրացիները չէին կրնար թիկունք կանգնիլ մեզի այն բոլոր փորձութիւններուն մէջ, որոնք այդ անջատումով իսկ պիտի յառաջ գային: Մենք, ընդհակառակը, ձրի վահանն էինք Վրաստանի, որովհետեւ թրքական արշաւանք մը անպայման Հայաստանի վրայով պէտք է կատարուէր: Իսկ Ազրպէյճանը ուրախ էր, որ իր ցեղակիցները ու կրօնակիցները պիտի ողողէին ողջ Կովկասը: Մենք դէմ էինք անջատման, որովհետեւ, գիտէինք թէ ովքե՛ր էին եկողները: Անոնք կու գային միանգամայն լուծելու Հայկ. Հարցը ո՛չ թէ դիւանագիտական ճամբով, այլ սրով ու սուինով: Այ՛ս է պատճառը, եթէ մենք Հայաստանի անկախութիւնը յայտարարեցինք «արցունքով» եւ «ակամայ»: Այս իրողութիւնը, զոր իբրեւ պարսաւ կը նետեն մեր երեսին, գովեստ ու պատիւ է հայ ժողովուրդին եւ իր ղեկավար կուսակցութեան – Հ Յ Դաշնակցութեան,- ու նաեւ նշան՝ մեր քաղաքական հեռատեսութեան: Մենք ամէնքէն աւելի լաւ էինք ըմբռնած ռուս բանակի ներկայութեան արժէքը՝ մեր երկրին մէջ: Ռուս բանակին ետեւ հայ ժողովուրդը կարող էր պահպանել իր ազատութիւնն ու անկախութիւնը: Ու ի վերջոյ ցաւով, բայց ճամբայ տուինք ռուս բանակին, թէեւ զայն ոչնչացնելը՝ մեր անդնդախոր ձորերուն ու կիրճերուն մէջ շատ դիւրին գործ էր մեզ համար: Վրացիները փակեցին անոնց ճանապարհը, որ Ռուսիա տանող ուղիղ գիծն էր, իսկ թաթարները տասնեակ հազարներով ռուս զինուորներ մորթոտեցին իրենց երկրին մէջ:
Սկիզբները, Ռուսիա յայտարարած էր որ Կովկաս կու գայ ճնշուած ազգերը ազատագրելու համար մահմետական լուծէն. մենք նպաստեցինք անոր այս նպատակով, բայց այն պահուն, երբ շատ պէտք ունէինք իր օժանդակութեան, ճակատագրականօրէն լքեց մեզ եւ չկատարեց իր պարտքը մեզի հանդէպ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որ 30 տարի անընդհատ պայքար մղած էր յանուն ազատութեան, շատ լաւ էր ըմբռնած անոր արժէքն ու գինը. ան գիտէր նաեւ, որ իր ուժերը շատ քիչ էին, որովհետեւ մնացած էր մինակ, ինքն իրեն հետ: Ձեզի ամէնքիդ ծանօթ է, որ յաճախ դէպքերը կեանքի մէջ չեն ընթանար այնպէս, ինչպէս ցանկալի է մեզ ու մեր հաշիւները սովորաբար սխալ դուրս կու գան. այսպէս եղաւ 1918ին: Մինչդեռ հայ ժողովուրդը կ՛ուզէր, որ ռուսը մնայ Կովկասի մէջ, թաթարներն ու վրացիները տարբեր բաներ կը մտածէին: 1918 Մայիս 26ին, վրացիները յայտարարեցին որ կ՛անջատուին Կովկասեան դաշնակցութենէն, 27ին նոյն բանը ըրին թաթարները. մենք մնացինք դարձեալ մինակ: Դեռ 1912 եւ 1914ին վրացիները կը յայտնէին, թէ Կովկասը կը պատկանի իրենց եւ թաթարներուն միայն: Ա՛լ ինչ կ՛ուզէին ուրեմն հայերը, Ի՞նչ են իրար անցեր եւ հայկական գաւառներու մասին կը խօսին, – կը գրէին վրացի թերթերը: Հայերը, կ՛աւելցնէին անոնք, եկուորներ են. մինչեւ Սեւանայ ծովը Վրաստան է, իսկ մնացածը կը պատկանի թաթար խաներուն, որոնք ինքզինքնին կը նկատէին պարսիկներու օրինական ժառանգորդները: Եթէ միայն Երեւանը կը զիջէին մեզ, պէտք էր արդէն, իրենց հաշուով, մեծ «շնորհ» մը համարել ատիկա: Ահա այս մտայնութեան տէր եղողները կը յայտարարէին, թէ կ՛անջատուին Կովկասեան դաշնակցութենէն: Այս պայմաններուն մէջ է, որ մենք ստիպուած էինք գործ կատարել: Մեր դրացիները դէմ էին հայկական ուրոյն հողամաս ստեղծելուն, որովհետեւ այդ բանը քաղաքական բարդութիւն յառաջ պիտի բերէր: Անոնց համար վտանգ մըն էր հայ զանգուածի մը կեդրոնացումը՝ իրենց կողքին: Անոնք լաւ գիտէին, որ եթէ հայերուն տրուէր մատ մը հող, այդքան տեղի վրայ իսկ պիտի կազմուէր հայկական բռունցքը, որուն համը առած էին հեղ մը հայ-թաթարական ընդհարումներու ատեն: Ու հայութիւնը, այսպէս, միշտ կը նկատուէր վտանգաւոր հարեւան՝ արթուն ազգային գիտակցութեամբ, եւ, մանաւանդ, ուժեղ մրցորդ: Արդ, ի՞նչ պէտք էր ընէինք մենք եւ այն կուսակցութիւնը, որ մէկ քառորդ դար պայքարած էր Հայ Դատին ու հայ հայրենիքին համար: Հայոց տնտեսական դրութիւնը արդէն քայքայուած, 150,000 տաճկահայ գաղթականներու պատսպարման հոգը կ՛աւելնար մեր միւս հոգերուն վրայ, եւ դեռ սո՜վ, համաճարա՜կ… ի՞նչ ընել. հրաժարի՞լ հայրենի ժառանգութենէն, գուցէ կ՛ուզէիք, որ լքէի՞նք մեր հայրենիքը: Հայ ժողովուրդը, որ 30 տարի ՀՅ Դաշնակցութեան դրօշին տակ կռուած էր ու եկած էր ազգային ու մարդկային արժանապատուութեան, խիզախ ու հերոսական խոյանքներ էր փորձած, Սասունի եւ Վանի անմոռանալի հերոսամարտերը արձանագրած ու հայ-թաթարական ընդհարումներէն յաղթանակով էր դուրս եկած, պէ՞տք էր որ զիջէր իր պապենական ժառանգութիւնը թաթարներուն եւ վրացիներուն, հանդուրժելով ըլլալ անոնց հպատակն ու գերին: Մենք կը գտնուէինք երկընտրանքի առջեւ, կը գտնուէինք այնպիսի կէտի մը վրայ, ուր պէտք էր ընտրել կամ մահ կամ ազատութիւն: Պէտք էր ըլլալ խիզախ ու համարձակ: Ու ի պատիւ այս ժողովուրդին ու ղեկավար կուսակցութեան, պէտք է ըսել, որ ունեցանք այդ առաքինութիւնը, այո՛, «ակամայ», բայց երբեք դասալիք չլլալու պայմանաւ:
Մենք ընտրեցինք ազատութիւնը: Զարհուրելի էր պատասխանատուութիւնը. Հ Յ Դաշնակցութիւնը հերոսաբար իր ուսերուն վրայ առաւ զայն: Կշռեցէ՛ք այն հետեւանքները, որոնք յառաջ եկան այս պատասխանատուութենէն: Տեսէ՛ք հետեւանքը, որ կշռէք ազգին արժանիքը: Երբ ռուսերը երկրորդ անգամ ոտք դրին Կովկաս, թաթարները ո՛չ մէկ դիմադրութիւն փորձեցին, իսկ վրացիները հազիւ երկու օր միայն կրցան պաշտպանել իրենց մայրաքաղաքը եւ ռուս բանակը հանդիսաւորապէս մուտք գործեց Կովկաս: Սակայն հայ ժողովուրդը 13 ամիս շարունակ կռիւ մղեց ու թէեւ արիւնաքամ, բայց խիզախօրէն ուզեց պաշտպանել իր հայրենիքն ու անկախութիւնը: Մենք պաշտպանեցինք մեր «ակամայ» ազատութիւնը, իսկ անոնք չկրցան պահպանել իրենց կամովին անկախութիւնը, հակառակ անոր որ մեզի չափ վնասուած չէին անոնք: Հայը ազատութեան համար դաստիարակուած էր. ան գիտէր ազատութեան արժէքը. չէր ուզած փորձանքին մէջ մտնել, բայց անգամ որ մտաւ, գիտցաւ պաշտպանել զայն: Պարզ չէ՞ ազատութեան սէրը՝ որ ամրացած է, ռազմական կորովը՝ որ արթնցած է, խիզախութիւնը՝ որ վերադարձած է, ստրուկը՝ որ ազատուած է հոգիով ու գործով:
Որ՞ն է իմաստը Մայիս 28ի:
Այդ թուականին բովանդակ հայ ազգը, որ ստրուկ էր թուրքին եւ հպատակ ռուսին՝ կը դառնար ազատ ու անկախ հայրենիքի տէր ու քաղաքացի:
Այն ժողովուրդը, որ սովոր էր միայն իր վիզը երկարել թշնամիին եւ կինը զիջիլ ուրիշին, Մայիս 28ին ինքզինք կը հռչակէր ազատ ու անկախ, ան իր ազատութեան համար կռուեցաւ ձմրան ցուրտին, բոպիկ եւ մերկ, քաղցած ու արիւնաքամ վիճակի մէջ:
Արեւելեան եւ արեւմտեան հայութիւնը՝ միացած Դաշնակցութեան դրօշին տակ, հասած էր ինքնագիտակցութեան՝ իբրեւ մէկ մարդ:
Ոտնակոխ նահանգները հայրենիքին մաս կազմեցին ու մենք ունեցանք անկախ երկիր, ազատ ժողովուրդ մը եւ զարգացման ընդարձակ հորիզոն:
Եւ ազատութիւնն ու անկախութիւնը տուաւ իր պտուղը. հայ ժողովուրդը երեւան բերաւ անօրինակ եռանդ, անսովոր անձնուիրութիւն, բոլոր ուժերու պրկումը եւ տարի մը ետք, ամբողջ աշխարհին յայտարարեց, թէ իր պահանջն է միացեալ եւ անկախ Հայաստանը:
ԺԹ. դարէն առաջ, հայութիւնը միշտ արթուն եղած էր՝ իբրեւ կրօնական միութիւն: Իսկ Մայիս 28էն արդէն ճանչցուեցաւ իբրեւ քաղաքական միութիւն: Մայիս 28ը, ուրեմն, հայոց պատմութեան մէկ փուլն է, անջնջելի, լուսաշող ու անմար:
Զարգացման այս փուլին հասնելու համար, հայ ժողովուրդը ի սպաս դրաւ իր խիզախութիւնը:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր գործունէութեան ընթացքին եղաւ խիզախ. անոր հետեւելով ազգը զգաց իր վաղեմի ոգու վերազարթնումը ու համակուեցաւ նոյն խիզախութեամբ:
Անոնք միայն կը յօժարին ստրկութեան, որոնց մէջ արթուն չէ խիզախութեան ոգին, որոնց համար արժէք չունի իր պապերուն ժառանգութիւնը-խիզախ ու համարձակ նկարագիր:
Վեց հարիւր տարուան ստրկութիւնը ո՛ր հայուն համար տանելի է այլեւս:
Հարազատ հայորդին պէտք է ըլլայ խիզախ, ատով կը ստեղծուի հզօր կամք, եռուն աշխատանք, համարձակ եւ ազնիւ նկարագիր:
Ստրուկը հայ դառնալու համար պէտք է մկրտուի խիզախութեան աւազանի մէջ եւ մաքրուի պատմական մեղքէն:
Մայիս 28ի աքթը իր արդիւնքը տուաւ. այսօրուան Հայաստանը մեր ճոխ սեղանի փշրանքն է:
Ոմանք եղածը կը նկատեն անկախ. Լա՛ւ. բայց մե՛նք ստեղծեցինք զայն մեր խիզախութեամբ եւ աշխատանքով:
Ոմանք կը նկատեն զայն ոչ անկախ եւ ուրախ են. զարմանալի չէ. ազատ չեղածը ի՛նչ կ՛իմանայ ազատութեան արժէքը:
Հայութեան հոծ զանգուածը, որ ապրեցաւ ու տեսաւ, գիտէ անկախութեան արժէքը:
Մենք եղանք հպատակի ու ստրուկի որդի երէկ, բայց ազատ զաւակի ազատ հայր ենք այժմ. փորձեցինք անոր տալ անկախ հայրենիք, ու տուինք. յետոյ ձախողեցանք. բայց մեր զէնքերը վար չեն դրուած եւ պայքարը չէ վերջացած մեզ համար:
Եթէ չյաջողինք իսկ մեր նոր ճիգերուն մէջ, գոնէ այն մխիթարութիւնը ունինք, որ մեր որդիներուն կը կտակենք փառաւոր պատմութիւն մը խիզախ ոգորումներով լեցուն:
Մենք ստրկութեան պատմութիւն ժառանգեցինք. կը թողունք յաղթանակի էջեր:
Այսօրուան կիրքերը կը ժխտեն Մայիս 28ի պատմական նշանակութիւնը. փոյթ չէ. ամէն սերունդ ունեցած է իր ստուերը, որ քարշ կու գայ:
Ժամանակ մը պարզ ազգասիրութիւնը նկատուած էր վտանգաւոր, այսօր ամենեւի՛ն. յետոյ յեղափոխութիւնը համարուեցաւ խելառութիւն. այժմ ամէն կողմէ կը ծափահարուի:
Հեռու չէ այն օրը, երբ Մայիս 28ը պիտի դառնայ ազգային տօն. այն ժամանակ գուցէ մեռած կ՛ըլլանք մենք եւ մեզի հետ՝ մեր հակառակորդները:
Մոռնալու չէ, սակայն, որ իր փառաւոր անցեալը ժխտողը խառնածին է:
Այժմ՝ հալածական է Դաշնակցութիւնը եւ իրեն հետ նաեւ հայութիւնը:
Բայց Կովկասը կազմակերպուած է մեր քաղաքական իտէալին համաձայն:
Մե՛նք ենք մշակեր եւ կը մշակենք դեռ հայութեան քաղաքակրթական իտէալը:
Երբ ֆեդերացիա կ՛ուզէինք մենք, մեզի դէմ էին. հիմա որ մեր ձգտումն է անկախ ու միացեալ Հայաստանը, մեր հակառակորդները ֆեդերացիայի գաղափարը կը պաշտպանեն: Երբ մենք մէկ կողմ կը թողունք որեւէ քաղաքական միտք կամ գործելակերպ իբրեւ հինցած, մեր հակառակորդները կը վերցնեն զանոնք եւ կեանք կու տան անոնց: Թող գործեն մեր աշակերտները այս ուղղութեամբ:
Ովքե՛ր գիտեն արժէքը Մայիս 28ի մեզ նման՝ թող գօտեպնդուին. հայութիւնը ազատ է հոգիով՝ անազատ կարգերու մէջ. ազատ ոգին անկարող է մնալ անազատ պատեանի մէջ. պատեանը պիտի պայթի եւ անկախ ու միացեալ Հայաստանի մէջ ամէնքը անխտիր պիտի տօնեն Մայիսի 28ը:
«ՅՈՒՍԲԵՐ» 7 Յունիս 1924,
Ժ. Տարի, Թիւ 28
Ի Յիշատակ Արմէն եւ Մարիէթ
Արարատեաններու
եւ Վարդան Աւագեանի
Պետիկ եւ Անիթա Արարատեան
եւ դուստրերը՝
Թանիա, Սարին եւ Սինթիա
Աւօ Տօնոյեան
եւ իր անձնակազմը
կը շնորհաւորեն իրենց յաճախորդներուն եւ բարեկամներուն
Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը
Donoyan Insurance Agency
1727 N. Vermont Ave., #207
Los Angeles, CA 90027
323-663-8541