ՌԻԱՏ.- Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ, Դեկտեմբեր 30ին աւարտեցան Կայծակնային ճատրակի աշխարհի տղամարդկանց ախոյեանութեան մրցումները:
Հայ վարպետ Լեւոն Արոնեան մրցաշարքը աւարտեց՝ գրաւելով 5րդ տեղը:
Մրցաշարքին ախոյեան դարձաւ Մակնուս Քառլսընը: Տիգրան Պետրոսեան գրաւեց 7րդ տեղը, Հրանդ Մելքումեան՝ 15րդը, իսկ Զաւէն Անդրէասեան՝ 43րդ տեղը: