ՊՐԷԱ.- Դեկտեմբեր 15ին կայացած Պրէայի Տարեցներու կեդրոնի Ս. Ծննդեան հաւաքոյթի համահովանաւորողներէն մէկը հանդիսացած է Օրենճ Քաունթիի Հայ Դատի յանձնախումբը՝ շարունակելով համայնքին հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու իր ջանքերը։
Աւելի քան 240 տարեցներ ներկայ եղած են հաւաքոյթին, որուն մասնակիցները ոչ միայն համեղ ճաշատեսակներ ու երաժշտական կատարումներ վայելած են, այլեւ նուէրներ ստացած են կազմակերպիչներէն։
Ձեռնարկի ընթացքին, քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Մարթի Սիմոնոֆ նաեւ յայտարարեց, թէ շրջանի գործարարներէն Տուայթ Մենլի 25,000 տոլար նուիրած է կեդրոնին, անոր կենսական ծրագիրներուն շարունակականութիւնը ապահովելու համար։
Նշենք, որ Պրէայի Տարեցներու կեդրոնի Ս. Ծննդեան տարեկան հաւաքոյթները սկսած են կազմակերպուելու 5 տարի առաջ, Սիմոնոֆի նախաձեռնութեամբ։ Այս տարուան հաւաքին ներկայ եղած են նահանգային, գաւառային եւ քաղաքային մակարդակի պաշտօնատարներ։