ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, Դեկտեմբեր 17ին մեծ շուքով նշուեցաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 75ամեակը՝ հանդիսապետութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի: Հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ նախորդ առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեան:
Պատարագիչ սրբազան հօր առընթերականներն էին ծուխի հոգեւոր հովիւ Յարութիւն քհնյ. Թաշճեան եւ Վազգէն քհնյ. Մովսէսեան:
Սրբազանը ողջունեց Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները, օրհնեց զանոնք ու անոնց նուիրեց առաջնորդարանին նոր հրատարակած աղօթագիրքերէն: Գնահատանքի արժանացաւ նաեւ դպրոցի վերակացու եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի ատենապետուհի Կէյլ Չելեպեանը, իր նուիրեալ եւ անսակարկ ծառայութեան համար:
Այս տարի լրացաւ նաեւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յարութիւն քհնյ. Թաշճեանի քահանայական ձեռնադրութեան 25ամեակը: Սրբազանը շնորհաւորեց տէր հայրը՝ մաղթելով քաջառողջութիւն եւ երկար տարիներու բեղուն աշխատանք:
Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ բազմամեայ անդամներ եւ առաջնորդարանի բարերարներ տէր եւ տիկին Ռոպերթ եւ Արփի Պարսամեաններու ամուսնութեան 50ամեակը եւս զուգադիպեցաւ ծուխի հիմնադրութեան տօնախմբութեան օրը: Առաջնորդը իր շնորհաւորութիւնները եւ գնահատանքը յայտնեց անոնց, թէ՛ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ եւ թէ առաջնորդարանին իրենց տրամադրած երկարամեայ նուիրեալ ծառայութեան համար:
Պատարագին յաջորդեց հիւրասիրութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ, որուն ընթացքին առաջնորդ հօր կողմէ «Հայ Ոգի» պատուոյ շքանշանին արժանացան Լինտա Գալայճեան եւ Մարինա Պարսումեան: