Մինա Շիրվանեան՝ դուստրը Ջաւախցի դպրոցի տնօրէն Համբարձում եւ Շուշեցի բժշկուհի Վազգանոյշ Յովհաննէսեաններու, ծնած է Պարսկաստանի Նոր Ջուղա հայահոծ շրջանը, Յուլիս 29, 1928ին:
Ցաւօք սրտի, Մինայի հայրը կը մահանայ, երբ Մինան տակաւին երկու տարեկան մանուկ էր: Մինայի ամբողջ դաստիարակաթեան, կրթութեան եւ հոգածութեան բեռը կը մնայ իր մօր ուսերուն:
Մօր հետ կը փոխադրուին Սուլթանապատ, ուր մայրը շրջանի իգական սեռի պատկանող միակ բժշկուհին էր:
Մինան աշխատասէր աշակերտուհի մըն էր, եւ յամառ ընթերցասէր մը, որ 6րդ դասարանէն իսկ կարդացած էր բազմաթիւ գիրքեր:
1946ին, Մինան կը հանդիպի Յակոբ Շիրվանեանին եւ կ՛ամուսնանան, ու ան անմիջապէս կը ստանձնէ իր շրջանի վարժարանի տնօրէնուհիի պաշտօնը, Թէհրանի մէջ:
Աստուած զիրենք կը բախտաւորէ երկու զաւակներով՝ Ալիս եւ Արմէն:
1956 թուականին, Շիրվանեանին ընտանիքը կը փոխադրուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ կը հասնի Նիւ Եորք, ուր ժամանակ մը կը մնայ Յակոբի քրոջ՝ Անժէլի մօտ: Ապա վերջնականապէս կայք կը հաստատէ Յակոբի եղբօր՝ Գոսթիի եւ քրոջ Սավիի մօտ, Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըս քաղաքը:
35 երկար տարիներ, Մինան կ՛աշխատակցի «Փրուտենշըլ» (Prudential) ապահովագրական ընկերութեան, որմէ ետք իր զաւակին օգտակար դառնալու համար կը միանայ «Մի Փիաս» Ճաշարանի աշխատանքներուն: Մինայի համար կամաւոր գործունէութիւնը կը սկսի փոքր տարիքէն, երբ, Ամերիկայի տարածքին, Իրանահայ Միութեան առաջին աշխատանքներուն իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ, դառնալով կազմակերպութեան ա-ռաջին կին նախագահը:
Մինան կ՛ըլլայ նաեւ Հոլիվուտի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (AYF) «Սողոմոն Թեհլիրեան» պատանեկան խումբի հիմնադիրներէն մին:
Որպէս տիպար եւ օրինակելի հայուհի, ան կը մարտնչէր ամէն տեսակի այլասերումներուն դէմ, որպէսզի հայու զաւակները իրենց հայկական դիմագիծը անաղարտ պահէին այս օտար բայց եւ այնպէս հիւրընկալ ափերուն վրայ:
Մինա եղած է նաեւ Ֆերահեան Ազգային վարժարանի ծնողաուսուցչական կազմի անդամ՝ իբրեւ ատենապետուհի:
Ձեռնարկներու ընթացքին, իր շնորհնքներն ու տաղանդները ի սպաս դնելով՝ Մինան բազմիցս օգտակար դարձած է, որպէս օրուան հանդիսավարուհի:
Մինչ Յակոբ զբաղած էր նահանգային եւ պետական այլ եւ այլ պաշտօններով, Մինան նախընտրեց միշտ մնալ կամաւոր զինուորը հայ գաղութի բոլոր հատուածներուն եւ, այսպէս, դարձաւ օրինակելի անձ մը՝ շատ ու շատ հայ երիտասարդներու համար, որոնք, հետեւելով Մինայի բարի օրինակին՝ մինչեւ օրս իրենց կամաւոր գործունէութեամբ օգտակար կը դառնան մեր ժողովուրդին:
Մինան իր անսակարկ նուիրումին ու բազմակողմանի ծառայութիւններուն համար, արժանացաւ շատ մը գնահատանքներու, այսպէս.
– Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեանները մեր եկեղեցւոյ հանդէպ իրենց ցուցաբերած սիրոյն եւ բարեգործութիւններուն համար արժանացան «Կիլիկիան Իշխան» շքանշանին.
– Հայ մշակութային միութեան, ՀՕՄի, Հայ կրթական միութեան, Ֆերահեան վարժարանի Շրջանաւարտներու միութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ շատ մը այլ կազմակերպութիւններու երախտագիտութեան եւ գնահատանքին.
– Վերջին շրջանին, Կլենտէյլ «Էտվենթիտ»չ հիւանդանոցին կողմէ Մինան արժանացաւ պատիւի, որպէս քաջ մարտիկ մը քաղցկեղի դէմ պայքարող:
– Լոս Անճելըս գաւառի խորհուրդի անդամ Մայքըլ Անթոնովիչի Մինայի կարողութիւններուն գնահատումով՝ Մինան կը նշանակուի LA County Lanterman Regional Center-ի Հոգաբարձութեան անդամ:
Յակոբը եւ Մինան իրենց արդար վաստակէն միշտ բաժին հանեցին հայկական կազմակերպութիւններուն, յատկապէս բազմաթիւ հայ ուսանողներու՝ ե՛ւ Հայաստանի, Արցախի ե՛ւ Ջաւախքի մէջ գտնուող գիւղերու, դպրոցներու վերանորոգման աշխատանքներուն:
Վերջերս տակաւին, Յակոբի եւ Մինայի նիւթաբարոյական աջակցութեամբ հիմնուեցաւ Կիւմրիի ՀՅԴ Երիտասարդական կեդրոնը, որ կը կրէ ՀՅԴ «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոն անունը:
Մինան, Սակայն, իրեն համար ամենամեծ գնահատանքը կը նկատէր Աստուծոյ կողմէ իր ընտանիքին եկած օրհնութիւնները, երբ կ՛ըսէր. «Աստուած օրհնած է մեզ»: 71 տարիներու ամուսնական կեանքով, երկու թոռներով՝ Քրիս եւ Շանթ, Մէլոտիով, երեք թոռան զաւակներով՝ Քրիստափոր, Սեպասթիան եւ Քաթրին Մինայով:
Վերջին չորս ու կէս տարիներուն, Մինան պայքարեցաւ թոքերու քաղցկեղի դէմ, լռիկ-մնջիկ, առանց գանգատի, միշտ ժպտադէմ, շնորհալի եւ պատուաբեր ձեւով ապրելով մինչեւ կեանքին վերջին վայրկեանը՝ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017, շրջապատուած սիրելիներով եւ հարազատներով:
Մինան թողուց հսկայ աւանդ մը զինք սիրողներուն համար, եւ մեծ բաց մը՝ անոնց հոգիներուն մէջ:
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՄԻՆԱ ՇԻՐՎԱՆԵԱՆ
Հանգուցեալ Մինա Շիրվանեանի մահուան քառասունքին առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2017ին, կէսօրէն ետք ժամը 3։30ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave.։
Սգակիրներ՝
Ամուսինը՝ Յակոբ Շիրվանեան
Դուստրը՝ Ալիս եւ Վահագ Պետրոսեան
Զաւակը՝ Արմէն Շիրվանեան
Թոռը՝ Քրիս եւ Մելոտի Պետրոսեան
եւ զաւակները՝ Քրիսթըֆըր,
Սեպասթչըն եւ Քաթրին Մինա
Թոռը՝ Շանթ Պետրոսեան
Տալը՝ Սավի եւ Ռալֆ Թիւֆէնքեան
Տագրը՝ Քոսթի եւ Մարիան Շիրվանեան
Խնամին՝ Թանիա Պետրոսեան եւ ընտանիք
Եւ համայն Այգանեան, Տօնոյեան, Գրեգըրի, Գորտեան, Յակոբեան, Հանէսեան, Գալէմքէրեան, Քիւրչեան, Մաթէոսեան, Շիրվանեան, Թիւֆէնքեան եւ Ուոլֆ ընտանիքներն ու հարազատները
Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք հոգեսուրճ պիտի մատուցուի նոյն եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ։