ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հինգշաբթի օրուան «Ասպարէզ»ը Կլենտէյլի, Պըրպենքի ու Լա Քրեսենթայի մէջ մեծ թիւով կը տարածուի: Անվճար տարածման այս քաղաքականութեան հետապնդած նպատակներէն մէկը հասնիլն է որոշ զանգուածի մը, որ Դաշնակցութեան անմիջական շրջանակէն դուրս կը գտնուի:
127 տարուան պատմութիւն կերտած այս ազգային կուսակցութիւնը աջէն ու ձախէն միշտ ենթարկուած է ցեխարձակումներու եւ սուր յարձակումներու: Գործի ու պայքարի կուսակցութեան մը համար բնակա՛ն է թշնամական ու թունաւոր սլաքներու թիրախ դառնալ: Ի վերջոյ, իւրայատուկ՝ յեղափոխակա՛ն նկարագիրով Դաշնակցութիւնը, չէր կրնար մէկ կողմէ պահպանողականներու, իսկ միւս կողմէ ծայրայեղ ձախերու ճաշակով աշխատիլ, հետեւաբարար, սպասելի է, որ այդ զոյգ ճամբարներու մարտկոցներու հարուածներուն արժանանայ:
Դաշնակցութեան պատմական դերակատարութիւնը նենգափոխելու ամէնէն հետեւողական ու ամէնէն լայն քարոզչութեան, անշուշտ, խորհրդային վարչակարգին ու անոր լծակից դարձած ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած էր: Այս քարոզչութեան զոհերը առաւելապէս Հայաստանի բնակիչներն էին, որոնց մօտ Դաշնակցութեան մասին ստեղծուած է բացասական պատկերացում մը, որուն իբրեւ հետեւանք՝ այսօր, Հայաստանէն Քալիֆորնիա հասած հսկայ զանգուած մը նախապաշարուած ու վերապահ կը մնայ Դաշնակցութեան հանդէպ:
Հայաստանեան զանգուածին մօտ Դաշնակցութեան հանդէպ ստեղծուած բացասական կարծրատիպը կոտրելու ճիգ մըն է «Ասպարէզ»ի լայն տարածումը, մանաւանդ՝ հայաստանեան զանգուածին հասնելու: Գիտակից ենք, որ դիւրաւ իրագործելի առաջադրանք մը չէ՛ այդ, եւ պէտք է անոր կողքին այլ ծրագիրներ մշակել ու երկխօսութեան սկսիլ, եթէ ոչ թիւր պատկերացումներ քանդելու համար, ապա գոնէ՝ շահագրգռուած անձերուն յստակացումներու առիթ ընծայելու:
Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնը նման ծրագիրներու շարքին է: Այդ ձեռնարկին ներկայ եղողը կրնայ բաւարար տեղեկութիւն ստանալ Դաշնակցութեան գործունէութենէն ու անոր քաղաքական դիրքորոշումներէն, եւ ըստ այնմ՝ գնահատել ու կողմնորոշուիլ:
Այսու, մեր հայրենակիցներուն կ՛առաջարկենք ներկայ ըլլալ այս Կիրակի երեկոյեան, Կլենտէյլի Հայ Սքուլին մէջ տեղի ունենալիք Դաշնակցութեան Օրուան տօնակատարութեան:
Հրամմեցէ՛ք եւ ըստ այնմ կողմնորոշուեցէ՛ք: