ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Հայ կանանց միջազգային միութեան Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղը «Ուոթըրմարք» խորհրդաժողովին կազմակերպիչներէն ստացած է 10 կրթանպաստներ տրամադրելու իրաւունք. անոնք պիտի շնորհուին Կանանց իրաւանց նուիրուած խորհրդաժողովին մասնակցիլ փափաքող միջնակարգի կամ երկրորդական վարժարանի աշակերտներու։
Նշենք, որ Փետրուար 23ին, Սան Հոզէի մէջ կայանալիք այս հեղինակաւոր խորհրդաժողովին տոմսերը արդէն իսկ սպառած են։ Անոր ընթացքին ելոյթ ունեցողներու շարքին է մարդկային իրաւանց պաշտպան, իրաւաբան Ամալ Քլունի։ Կրթանպաստներ ստանալու համար, դիմումները պէտք է կատարուին մինչեւ Յունուար 25։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել aiwasanfrancisco@gmail.com հասցէին, կամ այցելել https://aiwasanfrancisco.com/2018/01/05/aiwa-sf-accepting-scholarships-to-the-watermark-conference-for-women կայքէջը։