ՀՅԴ Օրուան տօնակատարութեան նախօրէին կ՛արժէ յստակացնել.
Իբրեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի կառոյց, մեր գլխաւոր առաջադրանքներն են՝
– Հայաստանի, Արցախի պետականութեան ամրապնդման, սահմաններու անվտանգութեան ու տնտեսական վերելքին ի նպաստ ծառայեցնել կազմակերպութեան ողջ հնարաւորութիւնը՝ ամերիկեան քաղաքական շրջանակներուն, պետական բարձրագոյն օրէնսդիր եւ գործադիր օղակներուն մօտ յարաբերական բազմակողմանի աշխատանքներու ճամբով։
– Զօրակցիլ Ջաւախքի ժողովուրդին՝ իր սեփական հողին կառչելու ու մշակութային ինքնուրոյնութիւնը երաշխաւորելու ուղղութեամբ տարած ճիգերուն։
– Շիրակի մարզէն ներս ձեռնարկել հասարակական կեանքի աշխուժացման նպաստող կեդրոններու ստեղծման: Շրջանին մէջ աղէտահար Շիրակի կարիքներուն հանդէպ հետաքրքրութիւն յառաջացնել եւ գործարար անձեր ուղղորդել այնտեղ:
– Առաւելագոյն մասնակցութիւն ունենալ համակուսակցական բոլոր նախաձեռնութիւններուն։
– Ներհամայնքային համերաշխութիւնը ամրապնդելու, համագործակցութեան մթնոլորտը բարելաւելու ճամբով՝ հսկայական կարողականութեամբ օժտուած Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքին կազմակերպուածութեան մակարդակը բարձրացնել, առարկայական թէ ենթակայական բացասական ազդակներու դիմագրաւումով չէզոքացնել պառակտիչ միտումները՝ ընդոծին ըլլան անոնք թէ արտաքին ուժերու կողմէ դրդուած։
– Հետեւողական ու հեռահար ծրագիրներով ներքին կազմակերպական հնարաւորութիւնները ուժեղացնել, կուսակցութեան լայնածաւալ գործունէութեան համար անհրաժեշտ նիւթական աղբիւրներ ապահովել: Հետամուտ ըլլալ անձեռնմխելի հիմնադրամներով տնտեսական կայունութիւն ստեղծելու կազմակերպական կառոյցի բոլոր օղակներուն համար:
– Հայ կեդրոնները ձերբազատել իրենց առօրեան դժուարացնող տնտեսական բեռերէն, որպէսզի անոնք աւելի լիարժէքօրէն կատարեն համայնքը իրենց շուրջ հաւաքելու առաքելութիւնը։
– Երիտասարդական կառոյցներուն անհրաժեշտ աջակցութիւն ցուցաբերել՝ քաջալերելով անոնց բոլոր նախաձեռնութիւնները, կանգնելով անոնց կողքին ու բաւարարուելով գաղափարական առաջնորդութիւն տրամադրելով անոնց։
– Համայնքին մէջ գործող կրթական, բարեգործական, մարմնամարզական, հոգեւոր բոլոր կառոյցներուն ու կեդրոններուն կենսունակութիւնը երաշխաւորող ճիգերուն բերել անսակարկ մասնակցութիւն։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 127 տարիներու կերտած ժառանգութիւնը, նահատակութեան, անձնուիրութեան ու հաւատարմութեան բիւր դրուագներով լի պատմութիւնը՝ մեզ բաւարար ներուժ կը տրամադրէ, որպէսզի այս առաջադրանքները պատուով կատարենք:
Մե՛նք ալ, սակայն, մեր ուխտին հանդէպ անպատասխանատու պիտի զգայինք, եթէ մտաւորական, յեղափոխական, նուիրումի անթիւ թռիչքներով ու սխրանքներով հարստացած այս ժառանգութեան մեր բաժինը չկարենայինք գումարել: