– ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԵՒ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՏԱԽՏԱԿՆԵՐ՝ ՏԻԿՆԱՅՔ ԱՆԱՀԻՏ ՊԱՂՏԱՏԼԵԱՆ-ՕՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ,
ՔԷԹԻ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ, ՆԱԵՒ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՏՈՔԹ. ՄԻՍԱՔ ԱՊՏՈՒԼԵԱՆԻ, ՄԻՆԱ ՇԻՐՎԱՆԵԱՆԻ ԵՒ ՅԱԿՈԲ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆԻ
– ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ ԵՒ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵՆ 2019Ի ԵՒ 2020Ի ԸՆԹՐԻՔԻ ԵՐԵԿՈՆԵՐԸ
Ս. Ծննդեան տօնի խորհուրդներն ու պատգամները 2018ի սեմին անգամ մը եւս մարմնաւորուեցան Արեւմտեան թեմին մէջ, ուր մեր ժողովուրդը, եկեղեցիներու կամարներուն տակ մատուցուած հանդիսաւոր Ս. պատարագով եւ յատուկ արարողութիւններով ու թեմին առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի՝ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիքով վերապրեցաւ հայկական տոհմիկ մթնոլորտ մը, բարեմաղթութիւններ փոխանակեց ու վեր առաւ պատմական տարի մը կերտելու կամքը, նկատի ունենալով, որ ազգովին պիտի նշենք Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակը, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի թեմի հաստատման 60րդ ու Արեւմտեան թեմի 45րդ տարեդարձը։
Այս ծիրին մէջ, ու հաւատարիմ մնալով աւելի քան 20 տարիներու բարի աւանդութեան, Ազգային առաջնորդարանի մեծ ընտանիքը, պետական ու միութենական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ՝ շուրջ 550 հոգի, Շաբաթ, 6 Յունուար 2018ի երեկոյեան, ընդառաջելով առաջնորդ սրբազանին հրաւէրին՝ համախմբուեցան Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ, տօնական մթնոլորտի մէջ վերանորոգեցին եկեղեցաշէն ու ազգակերտ առաքելութիւնը վերանորոգ կենսունակութեամբ շարունակելու ուխտը։
Ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կայծակ Զէյթլեան, Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսներ Պերճ Աբգարեան (Ֆրեզնօ) եւ Ատրուշան Արմէնեան (Լաս Վեկաս), Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, քաղաքական ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան եւ անդամներ, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արա Նաճարեան, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճեք Հաճինեան, թեմի հոգեւոր դասու, Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան անդամներ, ազգային երեսփոխաններ, ծխական շրջաններու հոգաբարձութեանց անդամներ, Հայ Դատի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու յանձնախումբի, Համազգայինի, ՀՄԸՄի, ՀՕՄի, «Դրօ» կոմիտէի, կրթական համակարգի եւ CASPS-ի ներկայացուցիչներ, «Ասպարէզ»ի, Կլենտէյլի Հայ-Ամերիկեան թանգարանի, «Մեմորիըլ» հիւանդանոցի ու ոստիկանութեան, Հայ-Ամերիկեան բժշկական ընկերակցութեան, «Ֆորեսթ Լոն» հաստատութեան ներկայացուցիչներ, բարերարներ ու բարեկամներ։
Ընթրիքը կազմակերպուած էր Ազգ. առաջնորդարանի տիկնանց օժանդակ մարմինին կողմէ, օժանդակութեամբ ընթրիքի յատուկ յանձնախումբին։ Գլխաւոր հիւրընկալն էր Անահիտ Պաղտատլեան-Օհաննէսեան՝ պահպանելով իր հանգուցեալ ամուսնոյն՝ Կայծակի, յիշատակն ու բարի աւանդութիւնը։
Հանդիսավարն էր Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան, որ արտասանեց ողջոյնի հակիրճ խօսք մը եւ հրաւիրեց տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամ Վանիա Պապիկեանը՝ արտասանելու մարմինին կողմէ բարի գալուստի խօսքը։ Վ. Պապիկեան իր խօսքը սկսաւ շարականին «Այսօր արեւն արդարութեան, աւետիս, երեւեցաւ ի մէջ մարդկան, աւետիս» բառերով ու մաղթեց բարիքներով լեցուն տարի մը, մանաւանդ, որ այս տարի պիտի տօնենք Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակը։
Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց նաեւ առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան, որ նշեց, թէ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան աւետիսը ցնծութեան առիթ է բոլորիս համար, ու մաղթեց, որ անկէ բխող խաղաղութեան ալիքը համակէ բոլորս՝ իբրեւ ազգ, ու տարածուի ամբողջ աշխարհի մէջ։
Ողջոյնի խօսքերէն ետք, սկիզբ առաւ տօնական խորհրդաւոր պահը։ Սրահին լոյսերը մեղմացան եւ սրբազանին գլխաւորութեամբ՝ հոգեւոր հայրերը հանդիսաւոր թափօրով սրահ մտան՝ մոմեր ի ձեռին, ապա «Խորհուրդ Մեծ եւ Սքանչելի» եւ Ս. Ծննդեան այլ շարականներով ներկաներուն փոխանցեցին տօնին աւետիսը: Հայր Թորգոմ ընթերցեց Քրիստոսի ծննդեան մասին աւետարանական հատուածը։ Յաջորդեց Թաթախի աւանդական արարողութիւնը. իւրաքանչիւր սեղանի երիցագոյն անդամը նշխարը բաժնեց սեղանակիցներուն, որոնք գինիի բաժակներուն մէջ թաթխելով զայն՝ ճաշակեցին։ Առաջնորդը ապա կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը:
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Արամ Ա. կաթողիկոս ուղղած էր տեսագրեալ պատգամ մը, որ ցուցադրուեցաւ պաստառի վրայ։ Վեհափառ հայրապետը կ՛ողջունէր առաջնորդը, ժողովականութեան անդամները, թեմի հայկական կազմակերպութիւններն ու միութիւնները, նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդը, եւ կը գնահատէր բոլորին ծառայութիւնները։ Կաթողիկոսը նաեւ կը նշէր, որ Ս. Ծննդեան պատգամը կարելի է խտացնել մէկ գաղափարի մէջ՝ հոգեւոր վերածնունդ ու վերանորոգում՝ բառին ամբողջական իմաստով։ Վերանորոգումը պէտք է ընկալել իր քրիստոնէական ու մարդկային իմաստներով, զայն ընդունիլ իբրեւ ազնիւ մարտահրաւէր՝ անհատական ու համայնքային կեանքին մէջ։ Վեհափառը կը յիշեցնէր, որ այս հրաւէրը վերանորոգուած է կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր ժողովին, որմէ բխած է մեր հաւաքական կեանքի ու թեմերու վերանորոգման յորդոր մը, եւ կ՛ընդգծէր, որ կեանքը առանց վերանորոգումի կը կորսնցնէ իր իմաստը. այս հրաւէրին պէտք է ընդառաջել լուրջ մօտեցումով եւ հաւաքաբա՛ր։ Հայրապետը իր պատգամը կ՛եզրափակէր գնահատանք արձանագրելով առաջնորդին ու Ազգային իշխանութեան, եւ կոչ կ՛ընէր վերանորոգ թափով շարունակելու ժողովրդանուէր ու եկեղեցաշէն նուիրեալ ծառայութիւնը։
Ողջոյնի խօսք արտասանեց Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան։ Ան Ս. Ծննդեան տօնին առիթով բարեմաղթութիւններ կատարեց ներկաներուն եւ յայտնեց, թէ այս տարի կը լրանայ Ազգային վարչութեան անդամակցութեան իր երկրորդ շրջանը, ապա շնորհակալութեան խօսք ուղղեց գործակիցներուն եւ մասնաւորաբար շնորհաւորեց առաջնորդը՝ իր 60րդ տարեդարձին, աւելի քան 40 տարիներու քահանայական ծառայութեան եւ թեմէն ներս իբրեւ առաջնորդ իր աւելի քան 20 տարիներու պաշտօնավարութեան առիթներով՝ յաջողութիւն մաղթելով անոր ծառայական երթին։
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆ
Ընթրիքի պահուն իրագործուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը։ Ելոյթ ունեցան Կրէկ Հօշարեան ու իր նուագախումբը (Կրէկ Հօշարեան՝ դաշնակ, Սալբի Քէրքոնեան՝ սրինգ, Այլին Ամիրայեան՝ մեներգ, Անժելա Ամիրեան՝ ջութակ եւ Ճորճ Պիլէզիկճեան՝ տհոլ), որոնք դասական, ժողովրդային ու հայրենասիրական երաժշտութեամբ ու երգերով խանդավառեցին մթնոլորտը: Պարային պատկերներ ներկայացուցին Համազգայինի «Անի» պարախումբի անդամներ՝ ղեկավարութեամբ Եղիա Հաշօլեանի եւ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանի, իսկ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դպրապետ Երուանդ սրկ. Քէշիշեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ իր կնոջ՝ Մարիային, Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ դպիրներէն Յովհաննէս Պալեանի հետ ներկայացուց մեներգներ՝ տօնական խանդավառութիւն տարածելով սրահին մէջ։
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՊԱՏԳԱՄԸ
Գեղարուեստական յայտագիրի աւարտին, հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց սրբազանը, որպէսզի ուղղէ իր պատգամը։
Առաջնորդը Ս. Ծննդեան տօնի խորհուրդով տոգորուած ու քրիստոնէական ջերմ սիրով ողջունեց պաշտօնական հիւրերուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին ներկայութիւնը, փառք տուաւ Աստուծոյ, որ բոլորիս առիթը ընծայեց թեւակոխելու 2018 տարին, թէ՛ անհատաբար, թէ՛ իբրեւ միութիւններ եւ ազգ-հայրենիք միասնաբար պատրաստուելու համար բազմաճիւղ աշխատանքի։ «Ամէն անգամ, երբ տարեմուտի օրերուն կը տօնենք մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը, մեր սրտերն ու հոգիները կը լեցուին նո՛ր ցնծութեամբ, նո՛ր բերկրանքով ու մանաւանդ նոր յոյսերով, որոնք կը բխին նոյնինքն այս տօնի խորհուրդէն», ընդգծեց առաջնորդ սրբազանը, նկատել տալով, որ Ս. Ծնունդով սկիզբ առած՝ Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութիւնը մարդկութեան շնորհուած աստուածային մեծագոյն պարգեւն է եւ մեզի կը բերէ անժամանցելի պատգամներ. «Տօնական այս օրերը կը յիշեցնեն մեզի, որ Յիսուս Մանուկը ծնունդ առաւ համեստ մսուրի մը մէջ ու ապրեցաւ համեստ կեանք մը՝ ցոյց տալով, որ Աստուծոյ կատարելագոյն ստեղծագործութիւնը՝ մա՛րդը, այս երկրաւոր կեանքը պէտք է ապրի՝ Ի՛ր օրինակին հետեւելով»։
«Ս. Ծննդեան շարականներն ու Ս. Գրային հատուածը յուշարար էին «սուրբ ու լուռ գիշերուան մը մէջ աշխարհին տրուած մեծ աւետիսին, թէ ծնած է Փրկիչը, ծնած է թագաւորներուն Թագաւորը, որուն մասին դարեր առաջ մարգարէացած էին Եսայի ու Միքիա մարգարէները, մարդը յուսադրած էին, որ Երկնաւոր Հայրը մարդուն պիտի պարգեւէ Իր Միածինը՝ մեղքեր քաւողը, ցաւեր փարատողն ու յաւիտենական կեանքի ճամբան ցոյց տուողը», ըսաւ ան։
Սրբազանը ապա շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Արամ Ա. կաթողիկոսին, որուն պատգամին ունկնդիր եղան բոլորը։ Շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք ուղղեց նաեւ առաջնորդարանի կողքին գործող՝ գաղութի բոլոր կազմակերպութեանց ու միութեանց, բարերարներուն ու բարեկամներուն, եւ ողջունեց երեկոյի մասնակիցներուն ներկայութիւնը։
Ան շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց ընթրիքի երեկոյի գլխաւոր հովանաւորին՝ Անահիտ Պաղտատլեան-Օհաննէսեանին, որ թէեւ այդ երեկոյին անձամբ չէր կրցած ներկայ գտնուիլ, սակայն անգամ մը եւս սիրայօժար կերպով յանձն առած էր հիւրընկալութիւնը՝ գործնապէս յիշեցնելով, որ հանգուցեալ ամուսնոյն՝ Կայծակի, հոգին մեզի հետ է միշտ։
Նաեւ, շնորհակալութիւն յայտնեց Քեթի Պետրոսեանին, որ 100,000 տոլարի իշխանական նուիրատուութեամբ մը՝ Ազգ. առաջնորդարանի յարկին տակ յատուկ ծրագիրներու նոր հիմնադրամ մը հաստատեց։ Առաջնորդը բեմ հրաւիրեց ազնիւ բարերարուհին ու զայն պատուեց յուշատախտակով մը։ Այս ու յաջորդ յուշատախտակներու յանձնումին մասնակից եղան Ազգ. վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան եւ փոխատենապետ Կարօ Էշկիեան։
Առաջնորդը նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարերարներուն, հովանաւորներուն եւ նուիրատուներուն, առաջնորդարանի տիկնանց օժանդակ մարմինին, ընթրիքի յանձնախումբին եւ առաջնորդարանի անձնակազմին։
Շարունակելով իր խօսքը՝ սրբազանը ըսաւ. «Այս երեկոն պահ մըն է յիշելու նաեւ մեզմէ մշտականապէս այս երկրաւոր աշխարհէն մեկնած, սակայն յաւիտենական հանգիստ գտած սիրելիներն ու մեր ժողովուրդի ծառայողները. յատկապէս կ՛ուզեմ յիշել տոքթ. Միսաք Ապտուլեանը, որ իր բարի գործերով մեզի հետ եղաւ միշտ, եւ այսօր զինք կը յիշենք իբրեւ հաւատաւոր հայ քրիստոնեայ, ազնիւ մարդ, ընտանիքի հայր եւ ուխտապահ բժիշկ, իսկ անոր ազնիւ կինը՝ Հուրիկը, տարիներ շարունակ մաս կազմեց Ազգ. առաջնորդարանի տիկնանց օժանդակ մարմինին եւ գործակիցներուն հետ կարեւոր ներդրում ունեցաւ՝ այդ Մարմինին ծառայական աշխատանքներուն ճամբով»։ Ապա, սրբազանը բեմ հրաւիրեց Հուրիկ Ապտուլեանը ու զաւակները՝ տոքթ. Մայքըլ եւ Մարի, եւ երախտագիտութեան յուշատախտակ յանձնեց անոնց։
Սրբազանը այնուհետեւ յաջորդաբար կանգ առաւ մեզմէ բաժնուած այլ բարերարներու՝ Մինա Շիրվանեանի ու Յակոբ Պաղտասարեանի յիշատակին առջեւ։ Ան յայտնեց. «Մինա Շիրվանեանի բարեգործութիւնները մեր հաստատութեանց ու ժողովուրդին բաշխուեցան նիւթապէս ու բարոյապէս. ան եղաւ ազգային գործիչ եւ իր աշխատանքով մասնակից եղաւ մեր հանրային կեանքի ծաղկումին։ Հանգուցեալին ամուսինը՝ պարոն Յակոբը, մեզի հետ է այս երեկոյ, ու իր ներկայութիւնը համազօր է Մինայի ներկայութեան։ Առողջութիւն եւ երկար կեանք կը մաղթեմ պարոն Յակոբին, որուն կողքին եղաւ տիկին Մինան՝ իր բոլոր բարի գործերուն մէջ», ապա բեմ հրաւիրելով բարերարներուն դուստրը՝ Ալիսն ու անոր զաւակը՝ Քրիստափորը, անոնց յանձնեց յուշատախտակ մը։
Ի վերջոյ, սրբազանը ըսաւ. «Սիրով ու գնահատանքով կը յիշենք նաեւ բարերար Յակոբ Պաղտասարեանը, որ եղաւ մեր օրերու «բարի սամարացի» մը, լուռ ու մունջ՝ օժանդակութեան ձեռք երկարեց Ազգային առաջնորդարանիս, մեր թեմի հայկական կազմակերպութեանց ու միաւորներուն, հասաւ Հայաստանին, Արցախին եւ Ջաւախքին։ Պաղտասարեան ընտանիքի անդամները եւս հաւատարիմ են իրենց ամուսնոյն, հօր ու հարազատի կեանքի օրինակին, բաց կը պահեն բարեգործութեան ուղին եւ յանձնառու են շարունակելու անոր բացած ճանապարհը», եւ բեմ հրաւիրեց հանգուցեալ բարերարին կողակիցը՝ Հիլտան, ու զաւակները՝ Փիթըրն ու Գեւիկը, եւ անոնց յանձնեց յուշատախտակ մը։
Ապա, առաջնորդը յայտարարեց երկու անակնկալներու մասին։ Ան ըսաւ, որ հանգուցեալ Յակոբ Պաղտասարեանի զաւակները՝ Փիթըրն ու Գեւիկը, հաւատարիմ մնալով իրենց հօր ստեղծած բարերարութեան աւանդութեան՝ այժմէն իսկ 100,000 տոլարի խոստումով մը պատրաստակամութիւն յայտնած են ըլլալու յառաջիկայ՝ 2019 տարուան սոյն ընթրիքի երեկոյի հովանաւորները, իսկ տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան բարերար ամոլը յանձն առած է հովանաւորումը 2020 տարուան ընթրիքի երեկոյին։ Ներկաները խանդավառ ծափահարութիւններով եւ գնահատանքի արտայայտութիւններով ողջունեցին այս անակնկալները։
Իր խօսքին յաջորդ բաժինով, առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ. «Տարեմուտն ու Ս. Ծննդեան տօնը առիթ են, որ ինքնաքննարկումի ակնարկով նայինք մեր կտրած ճամբուն ու ծրագրենք նորը, վերահաստատենք մեր ուխտն ու յանձնառութիւնները։ Ու երբ կը թեւակոխենք 2018 տարին, մեր մտապատկերի հորիզոնին կը պարզուի յոբելենական տարի մը, որ կը յատկանշուի բազմաթիւ տարեդարձներով։ Արդարեւ, պիտի տօնենք Հայաստանի Հանրապետութեան 100րդ տարեդարձը, Կիլիկեան Ս. Աթոռի փարոսէն բոցավառած ջահը Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ բարձրացնելու 60րդ, ու Արեւմտեան մեր թեմին՝ իբրեւ առանձին շրջան հաստատման 45րդ տարեդարձները։ Չենք մոռնար, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակը դարադարձի տարի է նաեւ ՀՄԸՄին համար, իսկ Համազգայինը կը նշէ իր 90րդ տարեդարձը», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը եւ շեշտեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակը համազգային հանգրուան է եւ հպարտութիւն ներշնչող տօն։ Ան յիշեցուց, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդը իբրեւ նուէր չտրուեցաւ մեր ժողովուրդին, այլ անիկա արդիւնք էր դարաւոր պայքարներու, որոնք թագադրուեցան Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերով, որոնք ներշնչում առած էին 1567 տարի առաջ մղուած Աւարայրի ճակատամարտէն, երբ իբրեւ պատասխան Յազկերտի կրօնափոխութեան պահանջին՝ մեր պետական ու կրօնական առաջնորդները յայտարարած էին, թէ «մեր հայրը Աւետարա՛նը կը ճանչնանք, իսկ մեր մայրը՝ Առաքելական Ս. եկեղեցի՛ն»։ Մեր մեծ բանաստեղծը պատմական զոյգ պահերը խտացուցած է «Աւարայրից ջանք արան, այստեղ մի պահ կանգ առան…» տողերով՝ յիշեցնելով, որ Աւարայրի ու Սարդարապատի մէջ, մեր հերոս ժողովուրդը սեփական բազուկի ուժով վճռեց հայրենիքին ճակատագիրը, եւ այդ ուղին այսօր կը շարունակուի Արցախի մէջ», ընդգծեց սրբազանը։
Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ Կիլիկեան Ս. Աթոռին՝ հաւատքի հոգեւոր ժառանգութեան, հայրենիքի ու ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան միջնաբերդ մը ըլլալու հանգամանքին, նկատել տալով, որ անիկա նաեւ լծուած է հայրենաշէն առաքելութեան։ Ան շեշտեց, որ Ազգ. առաջնորդարանը, անոր հովանիին տակ գործող եկեղեցիներն ու Ազգային վարժարանները մասնակից են այս առաքելութեան կենսագործման։
Խօսելով յատկապէս թեմիս սահմաններուն մէջ առաջնորդարանի դերակատարութեան մասին՝ սրբազանը յայտնեց, որ այս առաքելութեան ծաւալումին մէկ պերճախօս արտայայտութիւնն ալ հոգեւորականաց դասուն երիտասարդացման ու նոր ուժերով օժտուելու իրականութիւնն է։ Ան յիշեցուց, որ անցեալ տարուան ընթրիքի նոյն երեկոյին, գոհունակութեամբ ողջունած էր ներկայութիւնը երկու միաբանակիցներու՝ հայր Տաճատի եւ հայր Պարոյրի, որոնք այժմ լծուած են Ֆրեզնոյի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի մեր ծխական համայնքներու ծառայութեան, իսկ այս երեկոյ, կ՛ողջունէ ներկայութիւնը թեմի նոր առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեանին, որ առաջին անգամ ըլլալով մասնակից կ՛ըլլայ Ս. Ծննդեան ընթրիքի երեկոյին եւ լծուած է առաջնորդարանի աշխատանքի ընդարձակուող դաշտերուն մէջ ներդրում ունենալու առաքելութեան։ Աւելի՛ն. թեմի հոգեւորականաց դասը օժտուած է նաեւ նոր երիտասարդ քահանայով, յանձինս՝ Մովսէս քհնյ. Շաննագեանի։ Երիտասարդ միաբանակից եղբայրները, վաստակաշատ ու փորձառու հովիւներուն հետ լծակցաբար յառաջ կը տանին հոգեւոր կարիքներու մատակարարման ու ժողովրդանուէր եւ սերնդակերտ առաքելութիւնները։ Այս առիթով, առաջնորդը հակիրճ կերպով անդրադարձաւ առաջնորդարանի յարկին տակ տեղի ունեցած իրագործումներուն՝ մասնաւորաբար յիշելով նոր հրատարակութիւնները, որոնք տրամադրուեցան մեր հոգեւորականներուն ու ժողովուրդին եւ անոնցմէ բաժին հանուեցան նաեւ հայ բանտարկեալներու։ Առաջնորդարանի դաստիարակչական-մշակութային յանձնախումբը կազմակերպեց ձեռնարկներ, իսկ Հայերէնի վերականգնումի մարմինը նոր քայլեր առաւ՝ իր առաքելութիւնը գործնականօրէն թարգմանելու համար։ Շարունակուող աշխատանքներուն շարքին է Սուրիոյ հայութեան նորագոյն նպաստը, որ իրականացաւ ՍԱՐՖի անդամ մեր գործակիցներու ձեռքերով, երբ քանի մը շաբաթ առաջ թեմէն ներս հիւրընկալեցինք Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան սրբազանը։ Ան գնահատանք արձանագրեց նաեւ այն գործակցութեան համար, որ կը շարունակուի առաջնորդարանին եւ ազգօգուտ ծառայութեան լծուած հայկական միութեանց ու կազմակերպութեանց միջեւ։ Սրբազանը յատկապէս յիշատակեց Հայ Մշակութային հիմնարկութիւնը, Հայ Դատի հետապնդման դաշտը, ՀՄԸՄը, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, Համազգայինը, տակաւին՝ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը, Հայկական Ոսկրածուծի հիմնարկն ու Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը, որոնց կողքին ու լծակից գիծերու վրայ կը գործեն նաեւ հայրենակցական միութիւններն ու մասնագիտական ընկերակցութիւնները, եւ աւելին՝ Կլենտէյլի մէջ Հայ-Ամերիկեան թանգարանը, որուն վիճակուած է յատուկ առաքելութիւն։
Եզրակացնելով իր խօսքը՝ առաջնորդը ընդգծեց, որ մեզի կը մնայ այս պատմական տարեդարձներէն անդին տարածուող նոր հորիզոնները օգտաշատ ու աւելի՛ արդիւնաւոր աշխատանքով միասնաբար կերտելու ազնիւ պարտականութիւնը։ Ան շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը եւ մաղթեց, որ Հայաստանն ու ամբողջ աշխարհը ցնծան այս աւետիսէն բխող բարիքներով, Մանուկ Յիսուսի ծնունդով աւետուած սիրոյ, հաճութեան, խաղաղութեան, խոնարհութեան ու ծառայասիրութեան պատգամները իբրեւ փարոս առաջնորդեն մեր անհատական ու հաւաքական կեանքը, մեզ ներշնչեն ներդաշնակ ու համերաշխ գործակցութեան ոգի, իսկ մարդկութիւնը առաջնորդեն աստուածահաճոյ կենցաղի։
Առաջնորդին «Պահպանի»չէն ետք, ներկաները միասնաբար կատարեցին «Կիլիկիա»ն ու Հայրապետական մաղթանքը, ապա միջոց մը եւս մնացին սրահին մէջ՝ շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթութիւններ փոխանակելով։
Այս Էջը Կը Հովանաւորեն
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ԾԵՐՈՆ ԵՒ ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆՆԵՐ