Երկուշաբթի, 25 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Գամիշլիի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան 127ամեակի տօնակատարութիւնը, ներկայութեամբ Ճեզիրէի Հայոց առաջնորդական փոխանորդ Ռուբէն աբղյ. Նալպանտեանի, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի, ազգային և բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ բազմաթիւ հրաւիրեալներու:
Հանդիսավարներ Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեան եւ Խաչիկ Ղուկասեան բացումը յայտարարելով՝ ներկաները հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Սուրիոյ եւ Հայաստանի նահատակներուն յիշատակը: Ապա ՀՅԴ քայլերգիՆ երգեցողութեամբ յայտագիրը ընթացք առաւ:
Բացման խօսք արտասանեց Խաչիկ Մելքոնեան, որ անդրադարձաւ Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան՝ դիտել տալով, որ Դաշնակցութեան երկարակեցութեան գաղտնիքը իր գաղափարախօսութեան ու աշխարհայեացքին մէջ է:
Գեղարուեստական յայտագիրը կ՛ընդգրկէր Ժագ Յակոբեանի բանաստեղծութիւններէն համադրուած ընտրանի մը, զոր ասմունքեց Մեղրի Ասիլեան-Ղուկասեան:
Ատուր Ադամեան հանդիսականները խանդավառեց ազգային- յեղափոխական երգերով, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Քրիստափոր Միքայէլեանի:
Օրուան խորհուրդը տուաւ Գրիգոր Թովմասեան: Ան, ի միջի այլոց, ըսաւ. «Դաշնակցութիւնը կազմուեցաւ հայ կեանքի, ընկերային կեանքի, յեղափոխական կեանքի մէջ… Դաշնակցութիւնը ամբողջ շրջանի մը պատմութիւնն է, վաստակ մըն է: Այդ վաստակը կերտուեցաւ փուլ առ փուլ, քայլ առ քայլ եւ այդ պատմակերտումի տոգորումին մէջ սերունդներ ամբողջ իրենց կեանքը զոհեցին անսպառ: Ոմանք իրենց միտքի լոյսը տուին, ուրիշներ արիւնը զոհաբերեցին եւ որքան կը բնորոշենք Դաշնակցութիւնը, այնքան անբնորոշելի կը մնայ ան. ապրող, զարգացող ու զարգացնող երեւոյթ մը…
Բանախօսութենէն ետք տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան 127ամեակին նուիրուած կարկանդակին հատումը: Կարկանդակը նուիրուած էր հանգուցեալ ընկերուհի Արաքսի Արմենակեանի յիշատակին, որ որպէս հայ լեզուի ուսուցչուհի եւ ազգային-յեղափոխական երգերու ուսուցանող ազգային, միեւնոյն ատեն միութենական աշխատանքներու նուիրեալ, տարիներու իր աշխատանքով եւ աշխոյժ գործունէութեամբ նուիրեալ հայուհիի տիպար մըն էր Գամիշլիի մէջ:
Հանդիսութեան աւարտին հայր սուրբը իր հայրական օրհնութիւններն ու շնորհաւորական խօսքը արտասանեց, որմէ ետք «Պահպանի»չ աղօթքով եւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով տօնակատարութիւնը հասաւ իր աւարտին:
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»