ԼԱԼԷ ԱՆՏՈՆԵԱՆ
Արդեօք արեան կանչն էր պատճառը Հայաստան հաստատուելուս: Մաս կազմեցի Մուսա Լեռ հայրենակցական միութեան երիտասարդական թեւին եւ անոր գործունէութեան առաջին մասնակցութիւնս եղաւ Երեւանի Միջազգային կանանց միութեան կազմակերպած ծննդեան տօնավաճառը, վաճառելով մուսալերցի տիկիններու պատրաստած անուշենէնը:
Նոր Տարին կը մօտենար, Մուսա լերան միութեան երիտասարդական թեւը պատրաստութիւններ կը տեսնէր այցելելու Հայաստանի հինգ գիւղերու մանկապարտէզնները, Ձմեռ պապիին եւ Ձիւնանուշին հետ նուէրներ բաժնելու:
Ծնողներէս լսեր էի, եւ անոնք մինչ օրս կը յիշեն, թէ եօթանասունական թուականներուն Այնճարի մէջ Կաղանդ պապան ուղաթիռով եկած էր: Այդ Կաղանդ պապան եղբայր Գաբրիէլն էր. այսօր նոյն այդ Կաղանդ պապան, Հայաստանի գիւղերուն մէջ կը շրջի, դառնալով Ձմեռ պապի եւ Գաբրիէլ ամօ:
Սենեակը լեցուած էր նուէրներով։ Վարագը, Վարանդը, Կարէնը, Աստղիկը, Գաբրիէլ ամօն եւ ես, ձեռքէ ձեռք տոպրակները կը փոխանցէինք, իւրաքանչիւրս մեր բաժինը աւելցնելով տոպրակին մէջ .տաքուկ էր մթնոլորտը ու տօնական. կը յիշէինք մեր մանկութիւնը, թէ ինչպէս անհամբեր կը սպասէինք Կաղանդ պապայի այցելութեան դպրոցներին մէջ, ինչպէս նաեւ կաղանդի գիշերը մեր հարազատներու տուներուն մէջ:
Կիրակի առաւօտուն, Մուսա լեռ միութեան երիտասարդութեան Ձնեռ պապին պատրաստ էր մեկնելու տարբեր մարզերու մանկապարտէզները եւ ուրախացնելու երեխաները: Ինքնաշարժներու մէջ տեղաւորուած՝ յառաջացանք դէպի Արարատեան դաշտ: Պղտոր եւ մշուշապատ ուղիներով հասանք առաջին գիւղը՝ Հովտաշէն. լուռ էր ամէնուրեք, ու սառած բոյսերն ու տերեւները մեզի կ՛ուղղեկցէին տխուր սակայն գեղեցիկ եղանակով: Հասանք մանկապարտէզ. մեզ դիմաւորեցին ուսուցչուհիները, որոնց դէմքերը փայլուն էին եւ ուրախ՝ ինչպէս գարնան ծաղիկներ. «Ձմեռ պապին այստեղ է՜», կը բացականչէին բոլորը:
Միւս երիտասարդներուն հետ ես ալ աճապարանքով մեր պատրաստած տոպրակները ներս կը տանէի: Ուրախ էր մթնոլորտը լսարանին մէջ… այդպէս կը թուէր ականջիս…:
…Ու ահա՛ անցայ լսարան, տոպրակս դրի գետին, հայեացքս ուղղեցի փոքրիկներու դէմքերուն, եւ յանկարծ տիրեց լռութիւն: Փոքրիկները Ձիւնանուշին հետ միասին կ՛երգէին, Ձմեռ պապին կը պարէր, սակայն ես ապշած, խլացած կը դիտէի մանուկները, անոնց անմեղ փայլուն աչուկներն ու անկեղծ հոգիները արեւու ճառագայթներու նման կը շողշողային, եւ այդ պահուն աչքէս սահեցաւ կաթիլ մը արցունք. կաթիլ մը արցունք, որուն մէջ կը թափանցէր ցաւի ու տխրութեան պատկեր մը, որ սակայն տեսանելի չէր մեզի այդ վայրկեաններուն. ցնծութիւն կար հոն, ուրախ մանուկներ կային հոն… եւ այսպէս՝ շարունակելով մեր պտոյտը, այցելեցինք չորս գիւղ եւս, տեսանք փոքրիկներու միամիտ հաւատքը Ձմեռ պապիին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ վախն ու սարսափը քանի մը երեխաներու, զգացինք ջերմ ընդունելութիւնը ուսուցիչներուն:
Հազար փառք մեր բարերարներու աջակցութեան, որոնց շնորհիւ է որ մենք կրցանք ժպիտներ գծել մեր հայ մանուկներուն դէմքերուն:
Սիրտս լեցուած էր տարբեր զգացումներով. չափազանց ուրախ էի, ինչպէա նաեւ՝ տխուր. կը մտածէի արդեօք մեր բարերարներուն ձգած ժպիտը մանուկներուն հոգիներուն՝ իրենց ուրախ պիտի պահէր մինչեւ յաջորդ բարերարի մը ա՞յցը: