ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասին 23 Յունուարին ընդունեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Անդրկովկասի հարցերով Ժընեւեան բանավէճերու համանախագահի պաշտօնակատար Լ. Պիլմանին:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հակամարտութիւններու կարգաւորման հարցերուն: Կողմերը յատուկ ուշադրութիւն դարձուցին Անդրկովկասի անվտանգութեան եւ կայունութեան Ժընեւեան բանավէճերուն:
Լ. Պիլմանին ընդունած են նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ճիւղային բաժանմունքներու պատասխանատուները, որոնց հետ ՄԱԿի ներկայացուցիչը քննարկեց Ուքրանիոյ արեւելքի իրավիճակը, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան ու անվտանգութեան ընդհանուր հարցեր՝ շեշտադրում կատարելով հակամարտութիւններու կանխման գործին մէջ ՄԱԿի դերին վրայ: