ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մեր սիրելի ընկեր Ցոլակ Յովսէփեանը Փետրուար 18ին պիտի դառնայ հարիւր տարեկան:
«Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը որոշած է տօնել այս բարեբաստիկ առիթը: Որոշած ենք տօնել ընկերոջ դարադարձը՝ նախ նշանաւորելու համար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ճամբով անոր 83 տարիներու ծառայութիւնը մեր ժողովուրդին (կանոնագիրը խախտելով, աւելի ճիշդը՝ տարիքը քիչ մը մեծցնելու ճարպիկութեամբ, Ցոլակ 17 տարեկանին տուած է կուսակցական իր երդումը), ապա երախտագիտութիւն յայտնելու համար Սփիւռքի պատմութիւնը կերտող գործիչներու կեանքէն՝ իր ճամբով (լուսանկարներու, պատմութիւններու եւ նկարագրութիւններու ձեւով) մեզի հասած աւանդին:
Ընկեր Ցոլակ, վերջին տասնամեակներուն, գրեթէ ամէն օր (բացառութեամբ անձրեւոտ օրերուն) «Ասպարէզ» կու գայ, յատուկ ջերմութեամբ մը կ՛ողջունէ անձնակազմի իւրաքանչիւր անդամը, կը հարցնէ մեր որպիսութիւնը եւ կը փոխանցէ իր օրհնութիւնը: Խմբագրութիւնս մեծապէս օգտուած է նաեւ ընկերոջ լուսանկարներու հարուստ հաւաքածոյէն: Այս մարդը, յատուկ ջանադրութեամբ, մեր համայնքի երախտաւորներու հոծ թիւ մը նստեցուցած է իր լուսանկարչական մեքենային առջեւ եւ բռնած անոնց հայեացքը: Նոյն ջանադրութեամբ, ան փորձած է իր ալպոմին բնակիչ դարձնել գաղութս այցելած սփիւռքահայ եւ Հայաստանէն այցելու մշակութային ու հասարակական բազմաթիւ գործիչներ:
Ընկեր Ցոլակի 100րդ տարեդարձը պիտի նշենք հրապարակային կերպով, ընտանեկան եւ ընկերական իր լայն շրջանակին հետ, խմբագրութեանս կազմակերպած ճաշկերոյթի մը ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Փետրուար 16ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Տեղի սահմանափակութեան պատճառով, ներկայ ըլլալ փափաքողները պարտին նախապէս հեռաձայնել խմբագրութիւնս՝ 323-284-9222 թիւով: