ԵՐԵՒԱՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Յունուար 25ին մտահոգութիւն յայտնած է Վրաստանի մէջ առեւանգուած եւ Ատրպէյճանի մէջ վեց տարուան բանտարկութեան դատապարտուած այլախոհ լրագրող Աֆղան Մուխթարլիի դատավարութեան գծով։
Նախարարութիւնը կոչ ըրած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն, որ ազատ արձակեն Մուխթարլին եւ այլ քաղաքական բանտարկեալներ՝ ընդգծելով, որ մօտէն պիտի հետեւի այս հարցին։
Յիշեցնենք, որ Մուխթարլի 2015ին Վրաստան ապաստանած էր, սակայն անցեալ տարուան Մայիսին առեւանգուած էր Թիֆլիսի մէջ եւ տեղափոխուած Պաքու, ուր անոր դէմ շինծու ամբաստանութիւններ ուղղուած էին։ Մարդկային իրաւունքներու պաշտպան տեղական եւ միջազգային կառոյցները անոր հասցէին կատարուած մեղադրանքներուն ետին կը տեսնեն քաղաքական դրդապատճառներ եւ Մուխթարլին կը համարեն քաղաքական բանտարկեալ:
Լրագրողը նախապէս բացայայտած էր Ատրպէյճանի վերնախաւին առնչուող շարք մը զեղծարարութիւններ։