Գանատայի խորհրդարանի երկու անդամներու՝ Սեպտեմբեր 2017ին Արցախ կատարած այցելութեան առնչութեամբ Բաքուն բողաքի ազդդագիր յղած էր Գանատայի արտաքին գործոց, առեւտուրի եւ զարգացման բաժանմունքին:
Գանատայի խորհրդարանի պատգամաւորներ Թոնի Քլեման եւ Ռէյչըլ Հարտըր ընդգրկուած են Ատրպէյճանի ոչ-ցանկալի անձերու «սեւ ցուցակ»ին մէջ:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակը «Թրենտ»ին յայտնած է, որ գանատական կողմի պատասխանին մէջ նշուած է, որ խորհրդարանի երկու անդամները Արցախ այցելած են ոչ իբրեւ իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ. անոնց այցին մասին կառավարութիւնը տեղեակ չէ եղած:
Ըստ Հիքմեթ Հաճիեւի՝ Գանատայի պատասխանին մէջ նշուած է նաեւ, որ «Գանատա կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ «ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղն ու յարակից եօթ շրջանները», «Գանատան չի ճանչնար «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը» եւ անոր «պաշտօնական ներկայացուցիչները»: այնտեղ ընդգծուած է, որ Գանատայի կառավարութիւնը կ՛աջակցի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի շրջանակներուն մէջ», ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակը: