Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Միկելէ Նիքոլեթի յոյս ունի, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պիտի ունենայ շուտափոյթ խաղաղ կարգաւորում:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին ԵԽԽՎ նախագահը յայտնած է ատրպէյճանական «Ռիփորթ» թերթի լրագրողին հետ զրոյցին ընթացքին:
«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցով իմ դիրքորոշումը կը համընկի Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի դիրքորոշման հետ», յայտնած է ան:
Նիքոլեթի ընդգծած է, որ ԵԽԽՎն յարգանքով կը մօտենայ ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ գործունէութիւն ծաւալող միջազգային կազմակերպութեան՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի դերակատարութիւններուն:
Ան նշած է, որ ԵԽԽՎն պատրաստ է աջակցելու իւրաքանչիւր գործունէութեան, որ ուղղուած է ԼՂ հարցի խաղաղ կարգաւորման: