ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՀԿի կողմէ նախագահական թեկնածու առաջադրուած Արմէն Սարգսեան կը շարունակէ Երեւանի մէջ իր հանդիպումները քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ: Այս հանդիպումներու աւարտին, Սարգսեան պիտի յայտարարէ թեկնածու ըլլալու վերաբեալ իր որոշումը: 30 Յունուարին, Սարգսեան հանդիպեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ ղեկավարութեան եւ համալսարաններու ղեկավարներու հետ:
Հանդիպումէն առաջ, նախագահի թեկնածուն պատասխանեց լրագրողներու քանի մը հարցումերուն:
Սարգսեան հերքեց Ամուլսարի շահագործման հետ կապ ունենալը: «Բացարձակապէս կապ չունեմ», ըսաւ ան:
Հարցումին՝ թէ երկար ժամանակո՞վ պիտի գայ Հայաստան, ան պատասխանեց. «Ընդմիշտ: Ես Հայաստանից չեմ գնացել, որ վերադառնամ, հետեւաբար՝ պատասխանս ընդմիշտ է: Մնացած հարցերին կը պատասխանեմ մի քանի օր յետոյ, երբ հանդիպումներս աւարտեմ»:
Պատասխանելով հարցումին թէ՝ ընտանիքը ինչպէ՞ս պիտի ապրի Հայաստանի մէջ, եթէ կինը յայտարարած է, որ Բրիտանիայի քաղաքացի կը համարէ ինքզինք՝ Սարգսեան ըսաւց. «Իմ երկու տղաները ե՛ւ Բրիտանիայի, ե՛ւ Հայաստանի քաղաքացի են: Ապրելով Բրիտանիայում՝ այնտեղի քաղաքացի են, ուստի, այստեղ ապրելով, պէտք է լինեն ՀՀ քաղաքացի՝ դրանից հետեւող բոլոր եզրակացութիւններով, իրենց ոգով, ինչպէս իմ կինն ասել է: Եթէ անգլերէնով կարդաք նրա հարցազրոյցը, կը հասկանաք՝ դուք սխալ թարգմանութիւն ունէք, նա ասել է՝ իրենց բրիտանացի են զգում Բրիտանիայում, բայց իրենք հպարտ հայեր են»:
Նշենք, որ նոր Սահմանադրութեամբ խորհրդարանը նախագահ կ՛ընտրէ 79 ձայնով: Հանրապետական կուսակցութիւնը եւ իր դաշնակից Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը միասին խորհրդարանին մէջ ունին 65 պատգամաւոր: Խորհրդարանին մէջ 9 պատգամաւոր ունեցող ընդդիմադիր «Ելք» դաշինքը արդէն յստակ յայտարարած է, որ դէմ պիտի քուէարկէ հանրապետական թեկնածուին:
Այդուհանդերձ, Արմէն Սարգսեան կը փափաքի հանդիպելու նաեւ «Ելք»ի հետ: