29 եւ 30 Յունուարին, Սոչիի մէջ տեղի ունենալիք միջսուրիական երկխօսութեան խորհրդաժողովին սուրիահայութեան կողմէ պիտի մասնակցին Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներ՝ Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական յանձնաժողովի նախագահ երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան եւ Ժիրայր Ռէյիսեան:
Նշենք, որ այս խորհրդաժողովը կարեւոր կը նկատուի, Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը ապահովելու իմաստով:
29 Յունուարին տեղի պիտի ունենան խորհրդաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները, իսկ 30 Յունուարին՝ խորհրդաժողովը:
Ռուսիա մեկնած պատուիրակութեան մաս կազմեն Սուրիոյ բոլոր խաւերու ներկայացուցիչները՝ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, խորհրդարանի անդամներ, սենտիքաներու նախագահներ, կրօնաւորներ եւ այլ դէմքեր:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սոչիի Միջսուրիական երկխօսութեան խորհրդաժողովին մասնակցելու համար, ուղղուած է շուրջ 1600 անձերու հրաւէր, որոնց շրքին նաեւ քիւրտ ղեկավարներու: