ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Հաւատարիմ մնալով իր սովորութեան՝ կատարելու անհիմն խոստումներ եւ պնդումներ, որոնց հերքումը կամ սրբագրելու դժուար պարտականութիւնը վերապահուած է անոր օգնականներուն, նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր «Միութեան Վիճակը» տարեկան առաջին ելոյթին ընթացքին կատարեց երկիրը միասնակամ դարձնելու կոչեր, սակայն միաժամանակ անշեղ մնաց իր այլամերժ կեցուածքներէն՝ նման միասնակամութիւն մը գրեթէ անկարելի դարձնելով։
Ան մեծահարուստներուն եւ հսկայ ընկերութիւններուն իր շնորհած միլիառաւոր տոլարի տուրքերու կրճատումները ներկայացուց իբրեւ միջին դասակարգին նեցուկ կանգնելու քայլ, հակառակ այն իրողութեան, որ այդ դասակարգը, միջին հաշուով, եկամուտի միայն 1.6 տոկոսի բարելաւում մը կրնայ ակնկալել նոր օրէնքներէն, մինչ մեծահարուստները՝ անոր կրկնապատիկը։
Ան իրեն վերագրեց նախորդ նախագահի օրերէն սկսած տնտեսութեան վերականգնումը ու յատկանշականօրէն ոչինչ ըսաւ նախագահական ընտրութիւններուն ռուսական միջամտութեան մասին, մինչ Քոնկրեսը իրմէ կը պահանջէր այդ գծով պատժամիջոցներ որդեգրել Մոսկուայի դէմ։ Ան շարունակեց շեշտը դնել ներգաղթողներու բացասական ներդրումներուն վրայ՝ առաջ մղելով միջնադարեան եւ 25 միլիառ տոլարի մսխում մը հանդիսացող սահմանային պատ մը կառուցելու իր այլանդակ ծրագիրը։
Յոյժ ծիծաղելի էին Թրամփի գրեթէ իւրաքանչիւր նախադասութիւնը մեծ բացայայտում մը նկատող հանրապետականներու մեծամասնութեան՝ տեղի ու անտեղի ծափահարութիւնները եւ անոնց ընկերակցող պոռչտուքը, հակառակ անոր որ ելոյթին մէջ յատկանշական նորութիւն մը չկար։ Անոնք մարդամեքենաներու վերածուած էին՝ զիրենք երբեմն անտարբեր, իսկ երբեմն զարմացած դիտող դեմոկրատներու հայեացքներուն առջեւ։
Թրամփի համար, սակայն, այս արհեստական ծափահարութիւններու հեղեղն իսկ բաւարար չէր, ուստի, քանի մը առիթներով նոյնիսկ ինքն իրեն ծափահարեց…
Well formulated and right on, Kevork.
I hope this kind of op-eds are posted more frequently and without any delays.