ՊԷՅՐՈՒԹ.- «Շաբաթ, 27 Յունուարին, արտակարգ տօնական եռուզեռ կար Պուրճ Համուտի Նոր Սիս թաղամասին մէջ: Այդ օր Ս. Սարգիս զօրավարի տօնն էր եւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Տօնակատարութեան ազդանշանը տրուեցաւ առաւօտուն, երբ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեան կատարեց աղի օրհնութիւն, որուն աւարտին կատարուեցաւ ուխտի առիթով նուիրուած ոչխարներու զենումը: Այնուհետեւ ընթացք առաւ մատաղի պատրաստութեան (ճիտապուր) հոլովոյթը, որ տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղականութեան, ժրաջան տիկնանց միութեան ու սսեցի տիկիններու միացեալ աշխատանքով: Երեկոյեան ժամը 6ին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Գիշերային ժամերգութիւն», կը գրէ մեր պաշտօնակից «Ազդակ» օրաթերթը:
Մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ, Նոր Սիս թաղամասին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէի Ս. Սարգիսի տօնակատարութեան յանձնախումբին, տօնավաճառ տեղի ունեցաւ կէսօրէն ետք ժամը 4էն սկսեալ: Տօնավաճառի տաղաւարներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին զանազան միութիւններ։