Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Եթէ չէք ճանչնար Ցոլակ Յովսէփեանը, ձեւով մը ձեռք ձգեցէք անոր հեռաձայնի թիւը, հեռաձայնեցէք եւ յուսացէք, որ… զբաղած ըլլայ եւ ուղղակի չպատասխանէ ձեզի։ Հեռաձայնին վրայ արձանագրուած «պատասխան-պատգամ»ը պիտի ծանուցէ, թէ ո՛վ է ան. «Հոս դաշնակցական Ցոլակն է, թողեցէք ձեր պատգամը…»։ Տարակոյս մի՛ ունենաք, որ «կը պատասխանեմ» խոստումը շուտով կ՛իրականանայ, եւ պիտի ըսէ ձեզի. «Այո՛, լսում եմ…»
Հիմա, երբ գիտէք որ Ցոլակը դաշնակցական է, փորձեցէք անձամբ ծանօթանալ իրեն։ Կարելի է զինք որեւէ օր գտնել «Ասպարէզ»ի խմբագրատունը, իսկ Շաբաթ օրերը՝ ՀՅԴ Կեդր. կոմիտէի կեդրոնատեղին։ Դժուար չէ զինք ճանչնալ. ձեզ պիտի դիմաւորէ մինչեւ ծոծրակը իջնող, ալեխառն գանգուրներով նիհարակազմ ու քիչ մը պեխադէմ մարդ մը, որուն նախ եւ առաջ աչքերէն ծորող կենսունակ ժպիտը պիտի գրաւէ ձեր ուշադրութիւնը՝ դէմքին ուրուագծուող խոհական ժպիտէն առաջ։ Ծանօթանալէ ետք, ձեզի հետ զրոյցի պիտի նստի այնպէս մը, որ կարծէք թէ ձեզ կը ճանչնայ վաղուց. մտերմական վերաբերմունքը քանի մը ակնթարթի մէջ պիտի ջնջէ ծանօթացումէն առաջուան բացը. ունի սուր յիշողութիւն եւ անոր միջոցով ձեւ մը պիտի գտնէ ձեզի հետ կամուրջ մը ստեղծելու, ատակ է ճանչնալու իրմէ կրտսեր ոեւէ մէկը, յիշելու բոլոր անոնք, որոնց օր մը հանդիպած է, գործ ունեցած, կամ մասին կարդացած է, եւ իր վրայ այս կամ այն ձեւով տպաւորութին ձգած է։ Դուք ալ, իբրեւ նորագոյն ծանօթ, պիտի անցնիք անոնց շարքին ու պիտի համոզուիք, որ իսկապէս տասնամեակներու բարեկամ էք եղեր իրեն հետ։
Ձեզի պիտի զգացնէ, թէ պայման չէ, որ մարդոցմէ իր քաղած տպաւորութիւնները անպայման դրական ըլլան. փաստօրէն, իր «յուշամատեանը» ունի երկու սիւնակ. մէկուն մէջ արձանագրուած են յիշատակութեան արժանի ազնիւ մարդիկ, ընկերներ, բարեկամներ, վաստակաւորներ, իսկ երկրորդին մէջ՝ «միւսները», որոնց որակումը կարելի է կատարել միայն բերանացի…
Արհեստով ու արուեստով լուսանկարիչ է, սկսելով Պաղտատէն, անցնելով Պէյրութէն, հայկական այլ օճախներէ, հասնելու համար Լոս Անճելըս։ Բազմիցս այցելած է Հայաստան ու Արցախ, որոնց հետ սիրտով, հոգիով ու միտքով կապուած է վաղուց՝ հոն ոտք կոխելէ առաջ իսկ։ Նկարչութեան արհեստը եթէ եղած է ապրուստի աղբիւր, ներկայիս կը մնայ «մորթին փակած» սովորութիւն. դժուարութիւն պիտի չունենաք շուտով անդրադառնալու, որ ան նկարելու կը սկսի գործիքը ձեռք առնելէ առաջ իսկ. նկարելու առաջին միջոցը՝ անոր աչքերն են, որ կը թափանցեն խօսակիցին աչքերէն ներս, կը փորձեն պեղել անոր հոգին ու էութիւնը, որպէսզի երբ քիչ ետք սիրած անձը դիմացը առնէ լուսանկարելու համար, կարենայ ճշդել, թէ ի՛նչ դիրքով ու անկիւնէ պէտք է նկարէ զայն։ Ու հազուադէպ են իրեն հետ ծանօթացողները, որոնք չեն «որսացուած» իր ոսպնեակով։ Աւելի քան 75 տարիներու ընթացքին, անոր նկարչական գործիքը «բռնած» է անհամար դէմքեր ու դէպքեր. անշարժացած դէմքերը առաւել կամ նուազ չափով հայելին են տուեալ անձին էութեան կամ ասպարէզին։ Քանի մը տարի առաջ հոգեկան նոր ցնծութիւն մը ապրեցաւ, երբ իր հաւաքածոյէն ընտրեալ փոքր բաժին մը լոյս ընծայեց ալպոմի ձեւով, որովհետեւ ունէր այն զգացումը, որ իր արդէն իսկ չափահաս զաւակներուն վրայ նորածին մը աւելցուցած է, իսկ անդին շարք-շարք լուսանկարներ կը սպասեն արժանանալու նոյն բախտին…
Հիմա, որ քիչ մը աւելի ծանօթ էք Ցոլակ Յովսէփեանին ու մտերմաբար նստած էք իր դիմաց, արդէն հաղորդակից կ՛ըլլաք իր կարգ մը յատկանիշներուն, որովհետեւ այնքան դիւրահաղորդ է ու թափանցիկ, «անգաղտնապահ», որ ձեզ պիտի վարակէ իր անսպառ զուարթախոհութեամբ ու ժամերը պիտի շոգիացնէ իր անսպառ յուշերուն, անեկդոտներու ու զուարճալիքներու ջերմութեամբ. անոնցմէ իւրաքանչիւրը խորք մը, իմաստ մը ունի. միայն ժամանցի նիւթ չեն։ Կրնաք իրեն հետ անհատնում զրոյց ունենալ հեռաւոր կամ մօտիկ անցեալի պատահարներու, ազգային կեանքի մէջ դերակատարութիւն ունեցող դէմքերու մասին՝ ղեկավար թէ հասարակ մահկանացու, որոնցմէ իւրաքանչիւրէն ունի զուարճալի յուշ մը, կամ պատրաստ է ամէնէն լուրջ անձը կամ դէպքն ալ «վերախմբագրելու» իւրայատուկ զուարթախոհութեամբ։ Երբեմն դժուարութիւն կրնաք ունենալ հասկնալու, թէ պատումին պահուն, արդեօք ձեր հետ ալ կատակով կը վերաբերի եւ ժպիտի նիւթ կը դարձնէ, սակայն մինչեւ իսկ եթէ նման զգացում ունենաք, պիտի նկատէք, որ ատիկա կ՛ընէ այնպիսի ոճով մը կամ ազնուութեամբ, որ չէք վիրաւորուիր, կը հասկնաք, որ ան ոեւէ մէկը ծաղրելու կամ վիրաւորելու դիտաւորութիւն չունի, այլ ընդհակառակը, կրնայ ձեզ մեծարել իսկ իր ստեղծած մէկ կատակով, սրամտութեամբ։ Սրամիտ է ու ընկերական, սակայն ոչ չարամիտ կամ ուրիշը ստորադասող։ Ու չէք զարմանար անշուշտ, որ ան ինչո՛ւ սիրուած է բոլորէն, կը վայելէ յարգանքը տարեցին ու երիտասարդին. ու եթէ քիչ մը պրպտէք պատճառները, պիտի շօշափէք, որ ինք ալ կը սիրէ ու կը յարգէ ծանօթները, ձայնին մէջ իսկ գուրգուրանք մը կայ խօսակիցին ու ծանօթներուն նկատմամբ, «ճանիկս», «հոգիդ սիրեմ», «(այսինչը) ինչպէ՞ս է, բարեւէ իմ կողմէս» ու նման խօսքեր միայն շրթունքէն թռչող արտայայտութիւններ չեն, այլ կը բխին հոգիին խորերէն։
Եթէ ձեր խօսակցութիւնը պահ մը հասնի իր ընտանիքին, պիտի հասկնաք, որ ան հայր է, իսկ կողակիցը կը կոչուի «զաւակներուն մայրը»։ Երբ առաջին անգամ լսէք այս արտայայտութիւնը, կրնաք զարմանալ, սակայն յետոյ պիտի անդրադառնաք, որ ան իր կողակիցին մէջ ամէն բանէ առաջ ու ամէն բանէ աւելի՝ կարեւոր կը նկատէ անոր մայրութեան յատկանիշը. բաղաքշանք մը պիտի նկատէք «զաւակներուս մայրը» արտայայտութեան մէջ. ու կը սկսիք մտածելու, որ արտայայտութեան այս ձեւը՝ հայ ընտանիքի հիմքերուն ու արժանիքին գիտակցումի ամէնէն պերճախօս մէկ վկայութիւնն է իր ոճով։
Գիտէ, որ բախտաւոր է, որովհետեւ ապրած է դար մը եւ կը նայի նոր հորիզոններու։ Ափսոսանք ունի, որ շատ հասակակիցներ չեն մնացած, սակայն գիտէ նաեւ, որ անոնք կ՛ապրին իր յուշերուն ու կեանքին մէջ, զանոնք կ՛ապրեցնէ իր զրոյցներուն ճամբով, իսկ կրտսերներ կ՛ուզեն ըլլալ իրեն հասակակից, իր ներկայութիւնը վայելել իբրեւ օրհնութիւն եւ զինք ճանչնալ իբրեւ երիտասարդութեան սեմին՝ ազգին ու գաղափարին հանդէպ կատարած ուխտին հաւատարմութեան ուղեցոյց։
…Ձեր ժամացոյցը անդրադառնալ պիտի տայ, որ Ցոլակին հետ զրոյցը որքա՜ն հաճելի դարձուցած է թռչող ժամերը ու արդէն պահը հասած է իրեն ըսելու՝ ցտեսութիւն, մաղթելու՝ բարի տարեդարձ, առողջ ու երկար կեանք, եւ… սպասել հանդիպումի յաջորդ առիթին։
Փետրուար 2018