ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հինգշաբթի, Յունուար 25ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայկական ոսկրածուծի հիմնարկի վարչութեան, գլխաւորութեամբ՝ նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի:
Հիմնարկի ներկայացուցիչնեը տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին՝ հայցելով առաջնորդին օրհնութիւնը: Անոնք սրբազանին հովանաւորութիւնը խնդրեցին Արեւմտեան թեմի զանազան գաղութներու մէջ իրենց ժողովրդանուէր առաքելութեան մասին տեղեկատուութեան աշխատանք տանելու գծով, ի խնդիր ոսկրածուծ նուիրաբերողներ արձանագրելու։
Առաջնորդը դրուատեց հիմնարկի կամաւոր ծառայողներուն նուիրումը, օրհնեց անոնց ճիգերը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց առաջնորդարանի միջոցները ի սպաս դնելու հիմնարկի ծառայութեանց ծանօթացման աշխատանքին: