ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Յունուար 25ին, Շամլեան Ազգային վարժարանի Արհեստագիտութեան բաժանմունքը արժանացած է Մոնթրոզ-Վըրտուկօ առեւտուրի գրասենեակի՝ «Տարուան կազմակերպութիւնը» մրցանակին, որ կը յատկացուի արդի արհեստագիտութիւնը լաւագոյնս օգտագործող հաստատութիւններու։
Այս առիթով կազմակերպուած ընթրիքին ընթացքին, նշեալ մրցանակը ստանձնած են բաժանմունքի վարիչը՝ Անտրէ Աղազարեանը, համակարգիչի ուսուցիչ Ռեպեքա Աւետիսեանսը եւ կրթական արհեստագիտութեան մարզի մասնագէտ դոկտ. Արմիկ Փանոսեանը: