ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Թուրքիոյ Հայոց 85րդ պատրիարքի ընտրութեան խնդիրը, որ միջոցէ մը ի վեր անելի մատնուած էր, յանկարծակի զարգացումներով նոր փուլ մը մտաւ: Նախ, ընտրութիւնը կազմակերպելու համար պաշտօնի կոչուած յանձնախումբը, նկատի ունենալով նախապէս կատարած իր դիմումներուն անպատասխան մնալը՝ որոշեց դատական գործողութեան դիմել ներքին գործոց նախարարութեան դէմ: Սակայն, այս որոշումը նոր տարակարծութիւններ յառաջացուց յանձնախումբի անդամներուն միջեւ եւ այդ տարակարծութեանց հիման վրայ՝ կազմի կարգ մը անդամներ հրաժարեցան:
Ապա, տակաւին այդ հրաժարումներուն տեղի տուած ալեկոծումը չէր հանդարտած, երբ այս անգամ Պոլսոյ նահանգապետարանը գրաւոր պատասխան մը յղեց նախապէս իրեն ուղղուած հարցումներուն: Նամակին մէջ կ՛ըսուէր, թէ պետութիւնը նախապէս հաղորդած էր պատրիարքի հիւանդութեան մասին որդեգրուելիք աշխատաձեւը, ըստ որուն՝ Մեսրոպ պատրիարքի կենդանութեան շրջանին պատրիարքարանի ընթացիկ գործերը պիտի կատարուին ընտրուած փոխանորդի մը միջոցաւ: Փոխանորդը պիտի ունենար պատրիարքի բոլոր լիազօրութիւնները եւ այս պաշտօնը պիտի վարէր մինչեւ նոր պատրիարքի մը ընտրութիւնը:
Նշենք, որ եկեղեցին նախապէս ժողով մը գումարեց եւ որոշեց հիւանդ պատրիարքը հանգիստի կոչել, ապա տեղապահի մը ընտրութեամբ մեկնարկել 85րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը: Այսպէս, Կրօնական ժողովը իր գումարած նիստով տեղապահ ընտրեց Գերմանիոյ Հայոց առաջնորդ Գարեգին արք. Պէքճեանը: Այդ պահէն իսկ ծայր առին խիստ մտահոգիչ երեւոյթներ: Առաջին հերթին, Արամ արք. Աթէշեան, կատարուած ընտրութեան ժողովասրահէն դուրս ելլելով՝ մտաւ իր գրասենեակը եւ իսկոյն վերադարձաւ՝ ձեռքին ունենալով Պոլսոյ կուսակալութեան կնիքն ու ստորագրութիւնը կրող շրջաբերական մը, որուն համաձայն՝ նահանգապետը չեղեալ կը համարէր կատարուած ընտրութիւնը եւ կը պահանջէր, որ գործընթացը շարունակուի Աթէշեանի փոխանորդութեամբ:
Կուսակալութեան նամակին մէջ կը յայտարարուէր, թէ Արամ արք. Աթէշեան կառավարութեան կողմէ կը դիտուի իբրեւ փոխանորդ, հետեւաբար կարելի չէ ուրիշ փոխանորդ մը նշանակել, այսպէս՝ ընդդիմանալով եկեղեցւոյ որոշումներուն:
Գաղտնիք չէ, որ Պոլսոյ հայ համայնքին մէջ, միջոցէ մը ի վեր, այս նիւթին շուրջ զգալի պառակտում կը տիրէր, ուստի՝ ընտրուած նոր տեղապահին դէմ դիրք բռնողները մեծ ոգեւորութեամբ դիմաւորեցին կուսակալութեան այս ոտնձգութիւնը, որ կը միտի կամայական կերպով միջամուխ ըլլալ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներքին կանոններուն:
Այս հարցին շուրջ, ներքին գործոց նախարարութիւնը հայ համայնքի ներկայացուցիչները Փետրուար 7ին հրաւիրած էր ժողովի, որուն նախագահեց ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու։ Ան նախ անդրադարձաւ այլ նիւթերու եւ ապա ներկայացուց առկայ խնդիրի մասին նախարարութեան տեսակէտը:
Նախարարի ելոյթէն ետք, առաջին խօսք առնողը եղաւ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն, որ այս ժողովը դէպի լուծում մը գտնելու ուղղութեամբ յառաջընթաց մը համարելով՝ գնահատեց զայն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց: Ապա, Նախաձեռնարկ մարմինի բանբեր իրաւաբան Սեպուհ Ասլանկիլ ելոյթ ունեցաւ եւ քննադատեց կուսակալութենէն եկած գրութիւնը՝ իր հապճեպ շարադրութեան պատճառաւ: Ան բացատրեց Արամ արքեպիսկոպոսին՝ փոխանորդի պաշտօնին ընտրուելուն, ապա զայն ընտրող կազմին իսկ կողմէ պաշտօնանկ ըլլալուն հանգրուանները: Ասլանկիլ յայտնեց, թէ բոլոր քայլերը համապատասխան եղած են եկեղեցական-աւանդական գործելակերպին:
Նախարարը իսկոյն միջամտեց եւ պնդեց, թէ նամակը հապճեպով գրուած չէ՝ վստահեցնելով, որ «ես անձամբ այդ նամակը քանի-քանի անգամներ կարդացի»։
Խօսք առին նաեւ Մելքոն Գարաքէօսէ, Յարութիւն Շանլը, Եսայի Տեմիր, Վազգէն Պարըն, Մեսուտ Էօզտեմիր եւ Արէտ Երկանեան: Անոնցմէ շատերը շեշտեցին պատրիարքական ընտրութիւնը ժամ առաջ կատարելու անհրաժեշտութիւնը: Իսկ ոմանք ընդգծեցին սոյն գործընթացը Աթէշեան սրբազանին հետ շարունակելու դժուարութիւնները:
Այս ելոյթներէն ետք նախարարը կրկին խօսք առաւ եւ յայտնեց, թէ ինք կը գիտակցի առկայ անհանգստութիւններուն: Ան խոստացաւ այս բոլորը փոխանցել վարչապետ Եըլտըրըմին եւ նախագահ Էրտողանին: Նախարարը ժողովը եզրափակեց՝ շուրջ ամիս մը ետք կրկին հանդիպելու ակնկալութեամբ:
Ակնյայտ է, որ պետութիւնը պատրիարքի պաշտօնին համար իր նախընտրելի անձը ունի եւ ամէն գնով այդ անձին ի նպաստ կ՛աշխատի։ Հայ համայնքը նախապէս եւս ապրած է պետական նման միջամտութեան փորձեր, եւ պոլսահայութեան պատմութիւնը լեցուն է նման դասերով, սակայն համայնքը յաջողած է ցուցադրել իր կամքն ու թոյլ չտալ անօրինական միջամտութիւններու: