ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Երեքշաբթի, 6 Փետրուարին, պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան այցելեց Երեւանի կայազօրային զինուորական հիւանդանոցը: Նախարարը շրջեցաւ հիւանդանոցի տարբեր բաժինները, որոնց մէկ մասը ամբողջութեամբ հիմնանորոգուած է եւ յագեցուած ժամանակակից ու եզակի բժշկական սարքերով:
Հիւանդանոցի պատասխանատուները նախարար Վիգէն Սարգսեանին ներկայացուցին հաստատութեան մէջ եւ անոր տարածքին վրայ տեղակայուած պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնական բուժարանին մէջ իրականացուող աշխատանքները, մատուցուող բժշկական ծառայութիւնները, վիրաբուժական բարդ միջամտութիւններ կատարելու եւ բարձրակարգ բժշկական սպասարկում կազմակերպելու համար ստեղծուած նոր հնարաւորութիւնները:
Այցելութեան ընթացքին պաշտպանութեան նախարարը զրուցեց նաեւ հիւանդանոցին մէջ բուժուող զինուորներու հետ եւ հետաքրքրուեցաւ անոնց բուժման ընթացքով: