«Բացառիկ Զգացում Կ՛ունենաս, Երբ Կը Տեսնես, Որ Ժողովուրդը Խնդացնելու Կարողութիւն Ունիս»
ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին կազմակերպութեամբ, Վահէ Պէրպէրեան Լիբանանի մէջ ինը ելոյթներով ներկայացուց իր «Ուրեմն» մենախօսութիւնը: Ինը օրերու ընթացքին Վահէ Պէրպէրեան յաջողեցաւ գերել լիբանանահայ հանդիսատեսը՝ ծիծաղով ու ժպիտով երեկոներ շնորհելով անոնց, հեռու առօրեայ հոգերէն ու նեղութիւններէն: «Ազդակ»ը հարցազրոյց մը ունեցաւ արուեստագէտին հետ՝ մօտէն իմանալու անոր աշխատանքներուն ու գործունէութեան մասին:
ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ.- Որքա՞ն ժամանակ առաւ «Ուրեմն» մենախօսութիւնը պատրաստելը: Ինչպէ՞ս կը հաւաքէք, կը համադրէք ու կը ներկայացնէք ձեր մենախօսութիւնները:
ՎԱՀԷ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- «Եթէ»ն տակաւին կը ներկայացնէի, երբ մէկ կողմէն կ՛աշխատէի «Երեք Շաբաթ Երեւանում» ժապաւէնին վրայ, միւս կողմէ ալ նոթեր կ՛առնէի յաջորդ ներկայացումիս համար, ինչպէս միշտ կ՛ընեմ: Ապա նոթերս համակարգիչի մէջ կը դնեմ. ասիկա առաջին խմբագրական աշխատանքս է. յետոյ կը սկսիմ համադրելու. թեմային հետ կապուած նիւթերը իրարու կը միացնեմ եւ կը սկսիմ գրելու այս բոլորը՝ իբրեւ երկար մենախօսութիւն: Հետաքրքրական է, որ տարիներու ընթացքին, երբ բոլոր նոթերը հաւաքեմ, երեք ժամնոց նիւթ կ՛ունենամ, ապա կը սկսիմ կտրտելու. այն, ինչ տակաւին պէտք եղածին չափ չեմ մարսած՝ կը հանեմ. այն, ինչ կարեւոր է, բայց հիւմըրը չեմ գտած՝ նորէն կը հանեմ, որովհետեւ չեմ ուզեր դասախօսութեան պէս բան մը ըլլայ: Բաւական աշխատելէ ետք, ընդհանուրը երկու ժամնոց մենաներկայացում մը կ՛ըլլայ, մինչ այդ՝ թեման միտքիս մէջ յստակացած կ՛ըլլայ: Ատկէ ետք կը սկսիմ թեմաթիկ աշխատանք տանելու եւ ամբողջական գործի վերածելու. մեծագոյն դժուարութիւնը վերջին փուլն է, երբ պիտի փորձես մէկուկէս ժամի նուազեցնել անիկա, որովհետեւ գիտես, որ ներկայացման ժամանակ, 20 վայրկեան մըն ալ նոր նիւթեր կը ծագին ուստի կարեւոր է, որ մէկուկէս ժամ ըլլայ նիւթս: Անշուշտ, փոքր փորձեր կ՛ընեմ շուրջիններուս վրայ, եւ կամաց-կամաց նիւթս կը բիւրեղանայ:
Նախքան բեմ ելլելս կը տեսնեմ՝ ի՛նչը գործ կ՛ուզէ, ի՛նչը ընկալելի է եւ ի՛նչը՝ ոչ: «Ուրեմն»ի առաջին ներկայացումս երկու ժամ 5 վայրկեան տեւեց: Մնայուն կերպով կամաց-կամաց նիւթը կը փայլեցնեմ:
ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ.- Այցելած ես տարբեր գաղութներ. ինչպէ՞ս կը տեսնես այս համահայկական խճանկարը:
Վ. Պ.- Մէկ բան յստակ է, որ ամէն տեղ կարօտը կայ հայերէն ժամանակակից բան մը դիտելու: Ոչ միայն նիւթերը ժամանակակից ըլլան, այլեւ ներկայացնելու ոճը եւ լեզուն հասկնալի, ըմբռնելի եւ յանդուգն ըլլան, որովհետեւ մարդիկ յոգնած են նոյն ոճով ներկայացումներ մտիկ ընելէն: Եւրոպայի կամ Ամերիկայի մէջ «Սթենտ ափ քամըտի» կը դիտեն անգլերէնով եւ կը տեսնեն, թէ որքա՛ն յանդուգն է լեզուն: Ասիկա տեսնողը, երբ հայերէն զուսպ գործ մը կը դիտէ, չի՛ հետաքրքրուիր: Երբ իմս կը հրամցնեմ, հանգիստ կը զգան: Լիբանանի մէջ 4500 տոմս, առանց լուրջ աշխատանքի, ծախուած է. այս կը նշանակէ, որ ժողովուրդը կը սպասէ, կարօտը եւ պահանջը ունի նման գործ մը դիտելու: Այս օրերուն, գիրք-գրականութիւն կարդացող չկայ: Շրջապտոյտներուս ընթացքին ամէնէն զօրաւոր պատասխանատուութիւնը կը զգամ մէ՛յ մը Լոս Անճելըս, որովհետեւ գաղութս է, մէյ մըն ալ՝ Լիբանան, որ նորէն գաղութս է, Մոնթրէալ եւ նախապէս՝ Հալէպ:
ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ.- Խօսինք ձեր արուեստին մասին. կը գծէք, կը գրէք եւ բեմադրութիւններ կը կատարէք:
Վ. Պ.- Ինչ կը վերաբերի նկարչութեանս, տեղական՝ ամերիկեան ցուցասրահներուն հետ կ՛աշխատիմ: Արուեստի գործերս, ունին հաւաքողներ, որոնք տարիներէ ի վեր կը հաւաքեն զանոնք, մանաւանդ՝ Հոլիվուտի ժապաւէնի արտադրութեան մէջ: Այս իմաստով շատ բախտաւոր եմ, այն աստիճան, որ գործ հասցնելու դժուարութիւն ունիմ: Երկու տարի արուեստս վնասուեցաւ, նախ՝ որովհետեւ ժապաւէնովս զբաղեցայ, ապա՝ աջ ուսի ցաւ ունեցայ, որովհետեւ տարիներով մեծ պաստառներու վրայ նկարելէն վնասուած էր, եւ պէտք էր հանգիստ ընէի: Հիմա արդէն նոր սթիւտիօ, նոր տուն փոխադրուեցայ ու աւելի հանգիստ եմ:
Հոյակապ թատերախումբ մը ունիմ. երիտասարդ բացառիկ տղաք-աղջիկներէ բաղկացած խումբը շուրջ 50 հոգի կը հաշուէ: Գործ պէտք է արտադրեմ, որ թատերախումբը աշխատի: Վերջին երկու փիէսներս են՝ «Պարոն Կարպիս» եւ «Կեանք»:
Այժմ կ՛աշխատիմ վէպի մը վրայ, որ դժբախտաբար անգլերէն է, բայց կարծեմ՝ այն եզրակացութեան եկած եմ, որ գոնէ առաջին հրատարակութիւնը հայերէն ընեմ, յետոյ անգլերէնի վերածեմ, որովհետեւ դաւաճանի պէս կը զգամ: Նիւթը այնպէս մըն էր, որ ստիպուած՝ պէտք էր ուսումնասիրութիւնս կատարէի անգլերէնով: Նիւթը տիպար մըն է, որ 2011 թուականին իր մեծ հօր ձեռագիր օրատետրը կը գտնէ, կը սկսի կարդալու, եւ իր կեանքը ամբողջութեամբ կը փոխուի: Պատմութեան մեծ մասը կը պատահի Ռումանիոյ մէջ, 1877ին: Այս գործին ամէնէն մեծ դժուարութիւնը այն է, որ ժամանակահատուածի մը հետ կապուած է, ուստի պէտք էր ահագին ուսումնասիրութիւններ ընէի՝ յատկապէս լեզուի վերաբերող:
ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս կը համադրէք արուեստի տարբեր բաժինները իրարու հետ:
Վ. Պ.- Երիտասարդ տարիքը թեւակոխած շրջանիս, թէ՛ երաժշտութեամբ կը զբաղէի, թէ՛ կը գրէի, թէ՛ դերասանութիւն կ՛ուզէի ընել, թէ՛ կը գծէի. բոլո՛րը կը սիրէի ընել. հայրս ինծի կ՛ըսէր, որ մէկ ձեռքով քանի՞ ձմերուկ պիտի բռնես, ուշ կամ կանուխ պիտի որոշես բան մը զատել: Արդէն բոլորը արուեստ են: Անդրադարձայ, որ ես միջակութիւն պիտի ըլլամ, եթէ երաժշտութիւն ընեմ, ուստի ձգեցի երաժշտութիւնը, որ ուղղակի ցաւ պատճառեց ինծի: Քանի մը տարի առաջ սկսայ ուտ նուագելու, բայց ուտը միայն ես ինծի համար կը նուագեմ, իբրեւ նախասիրութիւն:
Տարիներու ընթացքին անդրադարձայ, որ բոլոր արուեստները զիրար կ՛ամբողջացնեն. Օսքար Ուայլտ կարեւոր խօսք մը ունի. «Կ՛ատեմ գրողը, որ միայն գրող է»: Ամբողջական զարգացում մը պէտք է ըլլայ մէջդ, որովհետեւ բոլոր արուեստները իրարու կապուած են: Արուեստագէտին, նկարիչին համար ճերմակ պաստառը նոյն բանն է, ինչ է երաժիշտին համար լռութիւնը, գրողին համար դատարկ կէջը. ամէն բան ոչնչութենէն կը սկսի եւ կը զարգանայ՝ բանի մը վերածուելով: Ստեղծագործական գործընթացը նո՛յնն է բոլոր արուեստներուն համար: Նոյն տագնապները կ՛ապրին բոլոր արուեստագէտները:
ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ.- Երբ բեմ կ՛ելլէք, ժողովուրդը սրամիտ մտածելու կը մղէք: Ժողովուրդին ապրած դրական եւ ուրախ տրամադրութիւնը ի՞նչ գոհունակութիւն կու տայ ձեզի:
Վ. Պ.- Ասկէ առաջ ալ ըսած եմ, որ ես ուրախ անձ մը չեմ, ընկճուածութեան եւ անձկութեան հակամէտ եմ եւ, հաւանաբար, եթէ այդպէս չըլլայի, երգիծանքով պիտի չզբաղէի, որովհետեւ եթէ անօթի ես՝ կ՛ուտես, եթէ բանի մը պահանջը կը զգաս՝ ա՛յդ է որ կը փնտռես: Ըսեմ նաեւ, որ խնդալը եւ ուրախութիւնը իրարու հետ կապ չունին: Նոյն բանը չե՛ն: Կրնաս շատ լաւ խնդացող ըլլալ, բայց ուրախ չըլլալ: Երբ բեմի վրայ ես եւ կը տեսնես, որ ժողովուրդը ըսածներուդ կը խնդայ, կ՛ունենաս բացառիկ զգացում մը, թէ դուն կարողութիւն ունիս մարդիկ խնդացնելու: Մարդիկ այդ վայրկեանին իրենց հոգերը կը մոռնան, կը խնդան, ուրախութիւն կը պատճառես իրենց, եւ ատիկա մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ ինծի: Երգիծանքը գիծ մըն է քեզի խնդալուն եւ քու վրադ խնդալուն միջեւ: Շատ ինքնավստահ պէտք է ըլլաս նիւթէդ:
Շատ քննադատութիւններ կը լսեմ, թէ ինչո՛ւ կրօնին վրայ կը խնդամ, ինչո՛ւ սուրբերուն վրայ կը խնդամ… ես կը մտածեմ, որ այդքա՞ն տկար է դիմացինիս հաւատքը, որ իմ երգիծանքովս պիտի խախտի: Եթէ քու հաւատքդ այնքա՛ն տկար է, որ իմ երգիծանքիս պատճառով փուլ պիտի գայ, ուրեմն դուն պէտք է հաւատքդ վերատեսութեան ենթարկես: Իսկ Աստուած ինքն իրեն կրնայ պաշտպանել, պէտք չունի քու պաշտպանութեանդ:
Ամէն արուեստ խոցելի եւ դիւրաբեկ կը դարձնէ արուեստագէտը, որովհետեւ կատարած գործդ հանրութեան կը յանձնես՝ ըսելով, որ նայեցէ՛ք, այս է աշխատանքիս արդիւնքը: Արուեստագէտի ըրածին մէջ սնափառութեան բաժին մըն ալ կայ՝ «Նայեցէք ի՛նչ ըրած եմ»: Այդպէ՛ս է, եւ արուեստագէտը պատրաստ պէտք է ըլլայ ատոր։