ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Մէկուն բան մը հաւատացնելու եւ կամ իրենց ըսածը ամրօրէն հաստատելու համար, շատեր երդման կը դիմեն: Ամէն մարդ ալ գիտէ երդումին ի՛նչ ըլլալը: Յատկապէս ծնողներ, որոնք բոլորն ալ սկզբունքով պէտք է իմանան, թէ ի՛նչ կը նշանակէ զաւակ, պէտք է ընդդիմանան եւ նոյնիսկ պախարակեն ա՛յն ծնողները, որոնք իրենց զաւակներուն գլխուն, կամ անոնց «արեւուն», այսինքն՝ կեանքին վրայ կ՛երդնուն: Երեւոյթ մը, որ աններելի յանցանք է, երբ աստուածապարգեւ հոգեղէն այդ գանձերը ծնողներուն գերագոյն ուրախութիւնն են. իսկ այն պատճառը, որուն համար կարգ մը ծնողներ զանոնք «կը զոհեն»՝ անոնց արեւուն երդուելով, շատ յաճախ ինքնապաշտպանութեան համար է պարզապէս:
Ժողովուրդներ իրարմէ կը տարբերին նաեւ երդումի իրենց առարկաներով: Միաստուածեան կրօններ, որոնք առաջին իսկ հայեացքով զԱստուած գտած ըլլալու եւ բացարձակ ճշմարտութեան հետ արդէն իսկ հաղորդ եղած ըլլալու քաջ կեցուածքը կ՛արտայայտեն, պէտք է հեռու մնան երդումի բոլոր տեսակներէն: Մեր Աստուածը, զոր ճանչցած ենք եւ դաւանած իբրեւ ճշմարտութիւն, գերագոյն կարողութիւն է, եւ գերիվեր ամէն ինչէ: Ուրեմն, զԱյն երդման առարկայ դարձնելը նախ անարգանք է Անոր նկատմամբ եւ անհաւատութեան արտայայտութիւն՝ Անոր ոյժին հանդէպ: Ցաւալի է նկատել, անշուշտ, որ այս կրօններու հետեւորդներուն մէջ եւս կարելի է հանդիպիլ բազմաթիւ հաւատացեալներու, որոնք Աստուծոյ անունով կ՛երդնուն: Երբեմն այնքան ընդհանրացած է այս երեւոյթը, որ Աստուծոյ անունով երդնուլը ստորակէտի տեղը անցած է ոմանց խօսակցութեան մէջ:
Բացարձակապէս արգիլուած է Յիսուսի մտածողութեան մէջ երդումը, որուն փոխարէն «այո՛» կամ «ո՛»չ պատասխանի այլընտրանքը կը տրուի: Ուրեմն այսքան արմատակա՛ն է Յիսուսի վարդապետութիւնը սոյն խնդիրին առնչութեամբ: Երկնքի մէջ եղած, կամ երկրի վրայ գտնուող որեւէ բանի, նոյնիսկ մեր սեփական գլխուն վրայ երդնուլը կ՛արգիլուի Յիսուսի կողմէ, որովհետեւ վերոյիշեալները բոլորն ալ մեր հակակշիռէն դուրս են: Այդ բոլորին փոխարէն Յիսուս կը թելադրէ ճշմարտախօս ըլլալ, եւ՝ վե՛րջ:
Երդում շռայլողը ինքնավստահութեան պակասէ կը տառապի: Իր կեանքի շամանդաղուած ճամբաներուն մէջ իր սեփական մթագնած գործունէութիւնը բացատրելու համար, ոմանք կը դիմեն երդումին: Անոնց տեսակէտով, երդումը վերջին ծածկոյթն է, որ զիրենք կրնայ փրկել ահագնացող փոթորիկէն ու «յարձակող» ցուրտէն: Նման մարդիկ այնպիսի գործունէութիւն կը ծաւալեն իրենց կեանքի թաւուտներուն մէջ, որ մացառաշատ այդ վայրերու արահետներն անգամ կը փորձեն ծածկել մարդ էակի տեսողութենէն, ջնջելու համար իրենց վարանոտ քայլերուն բոլոր ոտնահետքերը: Լաւագոյն ռետինը նման մարդոց համար լեզուն է, զոր կը գործածեն երդուելու եւ ամէն վախ փարատելու համար:
Իցի՜ւ սակայն որ այդպէս ըլլար…։ Որովհետեւ երդումը ստիպողաբար իր հետ պիտի բերէ իր «ընկերները»՝ նոր երդումներ՝ հօր ու մօր գերեզմանին, նուիրական սրբութիւններու՝ ինչպէս կնունքի սրբալոյս միւռոնին, խաչին ու աւետարանին, եւ այլ աներդուելի էակներու եւ իրերու: Աներդուելի էակներ, այո՛, որովհետեւ կեանքէն հեռացած եւ հողին տակ իր հանգիստը գտած հայրդ չի՛ կրնար վերյառնել եւ կշտամբել քեզ, իր գերեզմանին կատարած երդումիդ համար: Ուրեմն, այդ վստահութեա՞մբ կը հարստացնես սնանկացած ինքնավստահութիւնդ: Աւելորդ է ըսել, որ մեռելներուն վրայ դրուած այդ վստահութիւնը, ինքնավստահութիւն չի՛ ծնիր, երբե՛ք:
Բացայայտուելու վտանգին դիմաց գտնուող գաղտնիքները ջնարակելու բռնազբօս արարքն է երդումը: Անոր փայլին վստահող թշուառականը որքան ալ կլայեկէ իր ձեռքին մէջ եղած պղինձեայ ամանը, դարձեալ օր մը անոր մէջ եփուած կերակուրը պիտի վերացնէ այդ ջնարակը, ու պղինձը իր սեւցած վիճակով պիտի պարզուի բոլորին աչքերուն դիմաց: Երդուողը նոյնիսկ եթէ յաջողի իր երդումները լեցնել շիշի մը մէջ մինչեւ անոր բուկը, պիտի չյաջողի զայն խցանել ճշմարտութեան դէմ: Այդ շիշը ո՛չ միայն չի՛ խցանուիր, այլեւ կը պայթի հազարակտոր ու բիւրափշուր, ստերդումներու ամբողջ քանակութիւնը անցորդ մարդոց կօշիկներու ներբաններուն տակ ճքճքան մանրաւազի վերածելով:
Երդումը կարճագոյն միջոցն է դժուարութենէ խոյս տալու: Սակայն, անոր տարօրէն գրաւիչ կեղեւն ու արտաքին փայլը, մանաւանդ հովանաւորուած անառարկելի սրբութիւններով, շուտով կը վերածուի ծաղրանքի, երբ տրուած երդումին երկրորդ անգամ ականջալուր եղողը չհաւատալով ըսուածին, թէ՛ երդումի առարկային եւ թէ երդուողին գլխուն կը տեղացնէ լեզուին ծայրը եկած անհաշուելի լուտանքները:
Ընդհանրապէս շատ գաղտնիքներ ունեցող մարդիկ կ՛երդնուն: Գաղտնիքները մարդիկը ստրուկ կը դարձնեն երդումներու, զորս այնքան աժան արժէքով կը գնեն անոնք մայթերու փերեզակներէն: Այնպէս, ինչպէս երբեմն այդ փերեզակներուն քով արժէքաւոր առարկաներու կը հանդիպինք դիպուածով, նոյնպէս ալ երդուողները շատ նուիրական սրբութիւններ «կը գնեն» այդ հասարակ շուկաներէն, եւ իրենց գլխուն վրայ դրած կը տանին աջ ու ձախ:
Գիտնալու համար թէ ո՞վ շռայլօրէն կ՛երդնու, կ՛արժէ ունկնդրել ստախօսի մը ճարտար պատճառանանութիւնները: Բոլոր ստախօսներն ալ այս կամ այն չափով ճարտասան կ՛ըլլան, որոնց շուրջ ծափ տուող ցնծուհիներ պար կը բռնեն իբրեւ կոյր վկաներ, սուտը ճշմարտութեան փոխարէն ծախելու դիւրութիւն ընծայելով ստախօսին: Նոյնիսկ անոնք, որոնք իրենց «պո»չը դուրս կը թողուն երբեմն, ցուրտէն մսող կատուներու նման իրենց տակը կը հաւաքեն զայն շուտով, զգուշանալով սուտին բացայայտումէն եւ իրենց անխուսափելի խայտառակութենէն:
Ստախօսը ստիպուած է երդումներ շռայլելու, այլապէս տարիներու ընթացքին իր կառուցած սուտի «բուրգ»ը մէկ վայրկեանի մէջ փուլ կու գայ, քարերու դէզին տակ թաղելով նաեւ զինք: Ուստի, շռայլութիւնը, որ ինքնին զեխութիւն է եւ աւելորդ հաճոյք մարդկային կեանքը փճացնող, ստախօսին հայեցողութեամբ կը վերածուի անհրաժեշտութեան մը, որ փրկարար դեր կը խաղայ իր կեանքին համար:
Սուտին կեանքը կարճ է, կ՛ըսեն, հաստատելու համար այն ճշմարտութիւնը, թէ սուտով իր ճամբան հարթող մարդը անպայման օր մը խորխորատ պիտի իյնայ: Որքան ալ ասֆալթ թափեն սուտի ճամբուն վրայ, չեն կրնար անոր մէջ եղած փոսերը ամբողջութեամբ ծածկել: Նոյնիսկ այդ ճամբուն վրայի ծածկուած փոսերը դարձեալ պիտի յայտնուին, իրենց մէջ իյնացնելով նոր անցորդներ:
Ստախօսին շռայլութիւնը առատաձեռնութիւն չէ՛: Անոր կատարածը ինքապաշտպանութեան փորձ է, որուն զոհ կ՛երթան սրբութիւններ, իբրեւ երդման առարկաներ: Առատօրէն երդում շռայլող ստախօսը եթէ պահ մը միայն ճշմարտութիւն հոսեցնէր իր շրթներէն այն աշխուժութեամբ որ երդումներ կը տեղացնէ, կրնար իր ապրած շրջանակին դիմագիծը փոխել դէպի լաւն ու բարին:
Շռայլութեան վերջը սնանկութիւն է այս կեանքին մէջ: Նոյնն է նաեւ սուտին աւարտը, երբ ստախօսը որքան ալ երդում շռայլէ, ի վերջոյ պիտի սնանկանայ եւ պիտի չկարենայ իր կեանքը արժանապատիւ շարունակել: Երդումներ շռայլողը, վերջաւորութեան, իր կաշին իսկ փրկելու համար երդումներու կարիք պիտի ունենայ, սակայն՝ ի զուր…։