ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոխորհրդարանը Փետրուար 8ին վաւերացուց բանաձեւ մը, ուր Թուրքիա դարձեալ կը քննադատուի երկրէն ներս շարունակուող կամայական ձերբակալութիւններուն եւ արտակարգ դրութեան պայմաններու շահագործումներուն համար։
Եւրոխորհրդարանը պահանջած է անյապաղ վերջ տալ Թուրքիոյ մէջ արտակարգ իրավիճակին եւ ազատ արձակել բոլոր անոնք, որոնք կը ձերբակալուին՝ իբր թէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու քարոզչութիւն ըրած ըլլալու կամ անոնց թիկունք կանգնած ըլլալու մեղադրանքով։
Եւրոխորհրդարանը լուրջ մտահոգութիւններ յայտնած է նաեւ «Ձիթենիի ճիւղ» խաբուսիկ անուան տակ՝ Աֆրինի մէջ սկսած ռազմական գործողութեան կապակցութեամբ, ու պահանջած է, որ անմիջապէս վերջ տրուի անոր։