ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, Փետրուար 24ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ (415 E. Broadway, Glendale) կայանալիք ձեռնարկի մը ընթացքին ուտահար Անդրանիկ Գիզիրեան պիտի ներկայացնէ իր նոր հրատարակած ստեղծագործութիւնը եւ պիտի նուագէ անկէ նմոյշներ։
Տոմսերու սակը 15 տոլար է։ Տեղեր ապահովելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.itsmyseat.com/abrilbooks կայքէջը, կամ դիմել (818) 243-4112 թիւին ու noor@abrilbooks.com հասցէին։