ԸՐՎԱՅՆ.- Փետրուար 2ի յետմիջօրէին կայացած ձեռնարկի մը ընթացքին, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի 68րդ ընտրատարածքը ներկայացնող երեսփոխան Սթիվըն Չոյ, իր շրջանի «Տարուան Փոքր Ձեռնարկութիւնը» մրցանակը յանձնեց Զով Քարամարտեանի «Զով՛զ» ճաշարանին։
Նահանգային խորհրդարանի անդամին այս մեծարումը կու գայ աւելնալու վերջին 31 տարիներուն ընթացքին Քարամարտեանի արժանացած մրցանակներու արդէն իսկ հարուստ ցանկին։