Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով 11 Փետրուարին, պետական այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց Պուլկարիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռումեն Ռատեւ, իր տիկնոջ հետ: Պուլկարիոյ նախագահի պետական այցելութեան օրակարգին հետեւելով՝ նախագահի նստավայրին մէջ, Երկուշաբթի օր տեղի ունեցաւ նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Ռումեն Ռատեւի առանձնազրոյցը, որմէ ետք տեղի ունեցան ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններ՝ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ:
Բանակցութիւններու աւարտին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Պուլկարիոյ Հանրապետութեան միջեւ շարք մը ոլորտներու վերաբերող երկկողմ համագործակցութեան ընդլայնման ու խորացմանն ուղղուած փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւնը:
Ռումեն Ռատեւ Երկուշաբթի օր այցելեց նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Ան ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին եւ ծաղիկներ խոնարհեց անմար կրակին մօտ:
Պուլկարիոյ նախագահը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելած էր տիկնոջ հետ: Անոնց կ՛ուղեկցէին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան:
Պուլկարիոյ նախագահը տիկնոջ հետ շրջայց կատարեց նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, ծանօթացաւ Ցեղասպանութեան մասին վկայող նիւթերուն եւ գրառում կատարեց թանգարանի յուշամատեանին մէջ:
«Առաջին անգամ այցելելով յուշահամալիր՝ ես կ՛աղօթեմ բոլոր անմեղ հայերուն համար, որոնք զոհ գացին 1915-1922 թուականներուն ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան մէջ կազմակերպուած զանգուածային կոտորածներուն: Ես ցնցուած եմ ողբերգութենէն եւ մարդկային տառապանքներէն այն հայերուն, որոնք զոհ դարձած են՝ պաշտպանելով իրենց ազգային համոզումներն ու ժառանգութիւնը: Ինծի խորապէս կ՛անհանգստացնէ այն, որ այդ հայերը եւ անոնց ընտանիքները, որոնք պայքարած են ապրելու համար, ստիպուած եղած են հանգրուան գտնել այլ երկիրներու մէջ: Ես հպարտ եմ, որ այդ բարդ ժամանակահատուածին Պուլկարիոյ մէջ հաստատուած եւ զայն իրենց երկրորդ հայրենիք համարած հայերու սերունդները կողք-կողքի կ՛ապրին իրենց պուլկարացի համաքաղաքացիներուն հետ», յուշամատեանին մէջ գրած է Պուլկարիոյ նախագահը:
Պուլկարիա կը հաւատայ, որ Արցախի հիմնահարցը կրնայ կարգաւորուիլ խաղաղ ճանապարհով, Մինսկի խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ Եւրոմիութեան աջակցութեամբ: Այս մասին Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ յայտարարեց Պուլկարիոյ նախագահ Ռումեն Ռատեւ՝ անդրադառնալով լրագրողներէն մէկուն հարցումին՝ հետեւեալ ձեւակերպումով. «Պարոն Ռատեւ, ատրպէյճանական լրատուամիջոցները պարբերաբար կ՛աղաւաղեն Ղարաբաղեան հիմնահարցի կարգաւորման վերաբերեալ տարբեր երկիրներու, որոնց մէջ՝ Պուլկարիոյ մօտեցումները: Կը ներկայացնէ՞ք ձեր դիրքորոշումը եւ արդեօք անիկա կը համընկնի՞ Եւրոմիութեան դիրքորոշման հետ»:
«Պուլկարիան ունեցած է շատ յստակ դիրքորոշում, որ հիմնահարցը կրնայ լուծուիլ խաղաղ միջոցներով՝ Մինսկի խումբի միջնորդութեամբ՝ ԱՄՆի, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի համանախագահութեամբ, եւ ԵՄ աջակցութեամբ: Շատ կարեւոր է երկու երկիրներու նախագահներու աշխոյժ երկխօսութիւնը, որ աւելի քիչ զգացումներու ու աւելի շատ խոհամտութեան վրայ հիմնուի: Որպէս Եւրոպական Միութեան խորհուրդը նախագահող երկիր՝ Պուլկարիան պիտի աջակցի այս դիրքորոշումը յառաջ մղելուն», ըստ «Արմէնփրէս»ի ըսաւ նախագահ Ռատեւ:
Ռատեւ այնուհետեւ եղեւնի տնկեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի տարածքին գտնուող յիշատակի ծառուղիին մէջ: