Երկուշաբթի, 12 Փետրուարին, չորս թուրք գիւղացիներ Կարսի նահանգի Դիգոր շրջանին մէջ, իրենց ձիերը փնտռելու միջոցին յայտնուած էին արգիլուած ռազմական գօտի եւ յայտնաբերուած՝ հայաստանեան կողմի սահմանապահներու կողմէ: Այս մասին կը յայտնէ թրքական «Հիւրրիէ»չ թերթը:
Սահմանախախտները գտնուած են Արփա գետի ափամերձ տարածքին մէջ:
Աղբիւրը կը յայտնէ նաեւ, որ նոյն օրը յայտնաբերուած է եւս մէկ սահմանախախտ, որ գետին մէջ ձուկ կ՛որսար:
Աւելի ուշ, երկու կողմերու սահմանապահներու բանակցութիւններէն ետք սահմանախախտները ազատ արձակուեցան: