ՎԵՆՔՈԻՎԸՐ.- Գանատահայ յայտնի սոփրանօ Իզապէլ Պայրաքտարեանի «Լոյսի Մայր» («Mother of Light») գործը, որ նուիրուած է հայկական եկեղեցական երգերու, հինգ թեկնածուներէն մէկը ընտրուած է Գանատայի «Ճունօ» մրցանակին, դասական երաժշտութեան ձայնային կամ երգչախմբային դասակարգին մէջ։
«Ճունօ»ն կը մեծարէ Գանատայի կամ գանատացիներու կատարած երաժշտական իրագործումները։ Այս տարուան մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 25ին, Վենքուվըրի մէջ։