
ՊԵՎԸՐԼԻ ՀԻԼԶ.- Շարժապատկերի աշխարհի «Օսքար» մրցանակներու բաշխման գլխաւոր ձեռնարկէն առաջ, ամէն տարի կը մեծարուին նաեւ շարժապատկերի արտադրութեան մէջ գիտական եւ արհեստագիտական նորարարութիւններ կատարողները։
Փետրուար 10ին կայացած այս տարուան մրցանակաբաշխութեան ընթացքին, հեռուէն նկարելու «Հայտրոսքոփ» համակարգը կառուցած ըլլալուն համար՝ Գիտական եւ Ճարտարագիտութեան մարզէն ներս «Օսքար»ի արժանացած 4 հոգինոց խմբակի մը անդամներէն մէկը հանդիսացաւ Դաւիթ Գասպարեան։ Խմբակի միւս անդամներն են՝ Սթանիսլաս Կորպաթով, Սուհէյլ Իսա եւ Լենըրտ Չեփմըն։