ՊՈԼԻՍ.- 10 Ապրիլ 2018ին, Վան քաղաքին մէջ պիտի բացուի թանգարան մը, ուր պիտի ներկայացուին Վանի թագաւորութեան (Ուրարտու) պատմութեան նուիրուած գտածոներ եւ բացառիկ նմոյշներ:
Ըստ «Էրմենիհապեր»ի՝ Վանի նահանգապետ եւ համանուն քաղաքի քաղաքապետի պաշտօնակատար Մուրաթ Զորլուօղլու յայտնած է, որ սոյն թանգարանին բացումը վաղուց նախատեսուած էր, սակայն որոշ հարցերու պատճառով կը յետաձգուէր:
Թանգարանին շինարարութիւնը, որ տակաւին կը շարունակուի, ֆինանսաւորուած է Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան կողմէ (10 միլիոն թրքական լիրա, որ համարժէք է մօտաւորապէս 263,622 տոլարին):
Բացման արարողութեան պիտի հրաւիրուի Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նուման Քուրթուլմուշ: Թանգարանին համար երկար ժամանակ նմոյշներ հաւաքագրուած են շրջակայ տարածքներէն: 2013ի դրութեամբ, նմոյշներուն թիւը կը հասնէր 87 հազարի:
Կ՛ակնկալուի, որ այս թանգարանը հանդիսանայ Թուրքիոյ ամենամեծ թանգարաններէն մէկը՝ 54,000 մ. տարածքով: