ՊՈԼԻՍ, «Թերթ».- Ըստ Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլանի՝ հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար անհրաժեշտ են նոր արձանագրութիւններ, սակայն անոնց համար, պէտք է նոր Թուրքիա, ժողովրդավար Թուրքիա, նաեւ պէտք է, որ Հայաստանն ալ ըլլայ ժողովրդավար:
Փայլան նշեց, որ Սեպտեմբերին, երբ կը գտնուէր Երեւան՝ Հայաստան-Սփիւռք համաժողովին մասնակցելու, հանդիպած է արտաքին գործոց նախարարին հետ, անոր հետ քննարկած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի հնարաւոր վերսկսման հարցը: Փայլան նաեւ յայտնեց, որ յետագային, երբ վերադարձած է Թուրքիա, խօսած է պատկան մարմիններու՝ վարչապետին, արտաքին գործոց նախարարին եւ այլ նախարարներու հետ եւ հարցը անոնց հետ ալ քննարկած է:
«Հարցը անոնց օրակարգին վրայ է, գոնէ անոնց միտքին մէջ է, բայց կը կարծեմ, որ ոչ ոք կրնար նման գործընթացի սկսիլ, քանի դեռ երկիրներուն մէջ ազգայնականութիւն կայ: Այդ իսկ պատճառով՝ մենք, նախ եւ առաջ, պէտք է կանգնեցնենք այս պատերազմը: Հիմա կողմերը դեռ պատրաստ չեն նման գործընթացի սկսելու», նշեց Փայլան:
Կարօ Փայլանի համաձայն՝ հիմա Թուրքիոյ մէջ ամէն ինչ օրէ օր աւելի կը վատանայ: «Երբ նոր բաներ ըլլան, վստահ եմ, որ քայլերու կը ձեռնարկուին նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու, ղարաբաղեան հիմնահարցի կարգաւորման ուղղութեամբ: Բայց այս բոլորը, դժբախտաբար, այսօր չեն կրնար ըլլալ», ըսաւ Փայլան, աւելցնելով որ իրավիճակը այսօր աւելի վատ է, քան՝ երէկ: