ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Ուրբաթ, 16 Փետրուարին հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) կողմէ Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու առաջադրուած Արմէն Սարգսեանի հետ, որ Ազգային ժողովին մէջ մեծամասնութիւն կազմող քաղաքական ուժի առաջարկին վերաբերեալ որոշում կայացնելէ առաջ, Հանրապետութեան նախագահին հետ նախորդ հանդիպման ընթացքին խնդրած էր, որ նաեւ հանդիպումներ ունենայ քաղաքական տարբեր ուժերու, հանրութեան լայն շրջանակները ներկայացնող գիտական, մտաւորական, հասարակական, բարեգործական կազմակերպութիւններու, գործարար եւ աշխատաւորական շրջանակներու ներկայացուցիչներու, Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարութեան եւ սփիւռքահայութիւնը ներկայացնող կառոյցներու, կազմակերպութիւններու եւ անհատներու հետ:
Ըստ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ Արմէն Սարգսեան նշեց, որ նախատեսած հանդիպումները աւարտած է եւ անոնց իբրեւ արդիւնք՝ կայացուցած իր որոշումը: ՀՀԿի կողմէ առաջադրուած նախագահի թեկնածուն Հանրապետութեան նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին հանգամանօրէն ներկայացուց իր որոշումին հիմնաւորումները:
Արմէն Սարգսեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան՝ իրեն հանդէպ ցուցաբերած վստահութեան եւ մեծ ակնկալիքին համար՝ նշելով, որ շատ լաւ կը գիտակցի, թէ Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը բացի պատուաւոր ըլլալէն, կ՛ընդգրկէ հսկայական պատասխանատուութիւն:
«Ձեր կողմէ առաջադրուած հարցերու ծիրին մէջ ես վստահ եմ, որ պիտի կարենամ ամէն ինչ ընել, որպէսզի պատուով կատարեմ իմ վրայ դրուած բարձր պատասխանատուութիւնը, որպէսզի չհիասթափեցնեմ ձեզ, պարո՛ն նախագահ, ե՛ւ այն ակնկալիքները, զորս մեր հայրենակիցները պիտի ունենան՝ ըլլա՛յ Հայաստանի, Արցախի թէ Սփիւռքի մէջ: Պատրաստ եմ իմ ամբողջ էութեամբ եւ եռանդով ներգրաւուելու այդ շատ պատասխանատու գործին մէջ, եթէ, ի հարկէ, Ազգային ժողովը զիս ընտրէ իբրեւ նախագահ», իր խօսքի աւարտին յայտնեց Արմէն Սարգսեան:
Հանրապետութեան նախագահը յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ սկսելով Սահմանադրութեամբ նախատեսուած ընթացակարգին՝ պիտի արձանագրուին փայլուն արդիւնքներ։