ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեանց կեդրոնը Տեղեկատուական արհեստագիտութեան (ՏԱ) համաշխարհային համաժողովին (WCIT-2018) արժանացած է գլխաւոր մրցանակի:
«Թուային դարու խորհուրդը իրագործելու համար» անուանակարգին տրուող մրցանակը կեդրոնի ներկայացուցիչներուն յանձնած է համաժողովի նախագահ Իւոն Չիւ:
WCIT համաժողովը կ՛ընթանայ Հնդկաստանի մէջ, 18-22 Փետրուարին:
2019ին հեղինակաւոր այս համաժողովը պիտի գումարուի Հայաստանի մէջ: