ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Երկիր».- Արցախի ազգային-ազատագրական շարժման 30րդ տարեդարձին առիթով, Արցախի Հանրապետութեան իրենց մատուցած ծառայութիւններուն համար, նախագահ Բակօ Սահակեան Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեանը եւ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերգէյ Շահուերդեանը պարգեւատրեց «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, իսկ Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ, ՀՅԴ Արցախի կառոյցի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը՝ «Մխիթար Գօշ» շքանշանով:
Պետական պարգեւները յանձնուեցան 19 Փետրուարին՝ Արցախի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին: