
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ֆրանսա ամբողջութեամբ ներգրաւուած կը մնայ բանակցութիւններու ճամբով Արցախի հակամարտութեան լուծում գտնելու գործին. այս մասին Փետրուար 20ին յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Ի պատասխան այն հարցումին, թէ ի՞նչ է պաշտօնական Փարիզի դիրքորոշումը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ Փետրուար 8ին կատարուած այն յայտարարութեան առնչութեամբ, թէ՝ Երեւանը եւ Զանգեզուրը «ատրպէյճանական պատմական տարածքներ են» եւ թէ ատրպէյճանցիները «պէ՛տք է վերադառնան այդ պատմական տարածքը», Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կայքին վրայ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կոչ ըրած է հակամարտութեան կողմերուն, որ բարեխղճօրէն աշխատին բանակցութիւններով լուծում գտնելու ուղղութեամբ, «յատկապէս՝ զերծ մնալով որեւէ յայտարարութենէ կամ գործողութենէ, որ կրնայ աւելիո՛վ սրել լարուածութիւնը»:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան «զառանցանք» որակած էր Ալիեւի յիշեալ յայտարարութիւնը եւ զայն յանձնած էր ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու ուշադրութեան: