Թուրքիոյ մօտ Հոլանտայի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Էրիք Ուեսթսթրաթէ կանչուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր թրքական կողմը իր դժգոհութիւնը յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Հոլանտայի խորհրդարանին մէջ քննարկուելիք երկու նախագիծերուն առնչութեամբ:
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ հանդիպումին ընթացքին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ պնդած է, թէ տուեալ նախագիծերը պատրաստուած են հայամէտ քաղաքական գործիչներու կողմէ, որոնք կը կրեն տեղւոյն հայկական լոպիի ազդեցութիւնը:
«1915ը մեզի համար զգայուն հարց է. անիկա ո՛չ պատմութեան, ո՛չ իրաւունքի հետ կապ ունի, հետեւաբար՝ անոր քաղաքականացումն ու վերանայումը կարելի բան չէ: Կոչ կ՛ուղղենք հոլանտացի քաղաքական գործիչներուն վերատեսութեան ենթարկելու Թուրքիոյ նկատմամբ իրենց կողմնակալ դիրքորոշումը, ինչպէս նաեւ չքաղաքականացնելու պատմութիւնը», նշած է Աքսոյ՝ Հոլանտային կոչ ուղելով աջակցելու Թուրքիոյ կողմէ 2005ին կատարուած առաջարկին, որ կը վերաբերի հարցին վերաբերեալ պատմաբաններու եւ փորձագէտներու ընդհանուր յանձնախումբի ստեղծումին: