ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը հաղորդեց, որ կ՛ողջունէ Եւրոպական խորհրդարանի 16 անդամներու նախաձեռնութիւնը՝ դանիացի երեսփոխան Անտրես Փրիմտալ Վիթիսենի գլխաւորութեամբ: Նախաձեռնութեան անդամները գրաւոր հարցում ուղղած են Եւրոպական յանձնաժողովին եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիին՝ բացատրութիւն պահանջելով, թէ ինչո՛ւ Եւրոպական Միութեան Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի յատուկ ներկայացուցիչները եւ Եւրոպական Միութեան այլ պաշտօնեաներ երբեք չեն այցելեր Արցախ, թէեւ ատոր համար ունին բոլոր իրաւական հիմքերը:
Երեսփոխանները նաեւ կը հարցնեն, թէ Եւրոպական Միութեան գերագոյն յանձնակատարը որքանո՛վ հաշուի կ՛առնէ Արցախի ժողովուրդի կարծիքը, որովհետեւ վերջինս վճռորոշ է խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ:
Հակառակ այն հանգամանքին, որ միջազգային իրաւունքին մէջ որեւէ հիմք չկայ, Ատրպէյճանը ստեղծած է այսպէս կոչուած «սեւ ցուցակ», որ կ՛օգտագործուի յատկապէս արեւմտեան քաղաքական եւ հասարակական գործիչները սպառնալիքի ենթարկելու եւ դէպի Արցախ անոնց այցելութիւնները կանխարգիլելու նպատակով: Արցախի ժողովուրդի լիակատար մեկուսացման իր քաղաքականութեան մէջ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կ՛օգտագործէ բոլոր կարելի միջոցները՝ փորձելով խոչընդոտել Արցախի մէջ միջազգային կազմակերպութիւններու ներգրաւուածութիւնը՝ յատկապէս ժողովրդավարութեան, կրթութեան եւ տնտեսական զարգացման բնագաւառներուն մէջ:
«Անշուշտ, ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակը հակամարտող երկիրներու կողմէ ընդունուած միակ պաշտօնական միջնորդն է: Բայց եւ այնպէս, իբրեւ կակուղ ուժ, Եւրոպական Միութիւնը կրնայ, եւ պէտք է աւելին ընէ, որպէսզի նպաստէ Արցախի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթին», նշեց ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան:
Կարապետեան նաեւ աւելցուց. «Խրախուսելի է, որ Եւրոպական Միութիւնը մարդասիրական եւ կրթական ծրագիրներ կ՛իրականացնէ շրջանի այլ տագնապներու գօտիներու մէջ, ինչպիսիք են Հարաւային Օսեթիան եւ Ապխազիան: Սակայն մենք տակաւին որեւէ բացատրութիւն չունինք, թէ ինչո՛ւ Եւրոպական Միութիւնը նոյնը չէ կատարած Արցախի մէջ կամ ականջալուր չէ եղած արցախցիներու ձայնին։ Այն փաստը, որ քաղաքական բոլոր խմբաւորումներէն այսքան մեծ թիւով Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ բարձրացուցած են այս հարցերը, ցոյց կու տայ, որ Եւրոպական Միութեան օրէնսդիրները ներկայիս աւելի լաւ իրազեկուած են Արցախի ժողովուրդի ներկայ ընկերային ու տնտեսական մեկուսացման վերաբերեալ եւ սկսած են հարցականի տակ առնելու Եւրոպական Միութեան կրաւորական վերաբերմունքը: Այս հարցերը նոյնպէս կարեւոր են, որպէսզի հասկնանք, թէ ինչո՛ւ Եւրոպական Միութեան պաշտօնեաները կը խուսափին Լեռնային Ղարաբաղ այցելելէ՝ հակառակ այն հանգամանքին, որ այդ քայլը առաջին աղբիւրէն տեղեկութիւն ստանալու լաւագոյն տարբերակն է»։
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կ՛աւելցնէ, որ պիտի հետեւի Եւրոպական Միութեան գերագոյն յանձնակատարի արձագանգին, որ կ՛ակնկալուի առաւելագոյնս վեց շաբաթէն: